Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) 93-րդ ընդհանուր ժողովի քննարկումներու ամբողջին մէջ կարմիր թելի նման զգալի էր այն հարցումը, թէ ի՞նչ է հայ ըլլալը այսօր։ Սա հիմնական հարցում մըն է եւ զարմանալի չէ, որ ՀԲԸՄ-ի նման աւելի քան 100-ամեայ հաստատութեան մը օրակարգին վրայ ալ կը գտնուի՝ հակառակ անոր ձեւաւորուած աւանդութիւններուն եւ նախընթացներուն։ Պատճառը, անշուշտ, այն է, որ հայութիւնը տարբե՛ր միջավայրերու եւ տարբեր ազդեցութիւններու տակ կ՚ապրի։ Հետեւաբար, այդ գործօններուն բնական շարունակութիւնն է, այդ հարցադրման միշտ այժմէական մնալը։ Ընդհանուր ժողովի ընթացքին ՀԲԸՄ-ի ընտանիքին մեկնակէտը եղաւ այն հասկացութիւնը, որ հայ ըլլալ առաջին հերթին կը նշանակէ զգացում եւ զոհողութիւն։ Այս կէտէն սկսեալ արդէն կարելի է որոշ մեկնաբանութիւններու երթալ, թէ 93-րդ ընդհանուր ժողովի լոյսին տակ ի՞նչ սպասումներ կարելի է ունենալ ՀԲԸՄ-ի յառաջիկայ շրջանի հայաշխարհի ուղղեալ նախաձեռնութիւններուն շուրջ։
Արդէն աւելի քան 30 տարիէ ի վեր շատ շօշափելի դրսեւորումներով ՀԲԸՄ հայ իրականութեան մէջ կը մարմնաւորէ հայաստանակեդրոն մտածելակերպով կառոյց մը։ Այս նոյն ամբողջին մէջ ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի մասնաճիւղի գործունէութիւնը կ՚առանձնանայ իր ծաւալով եւ ուղղութիւններով։ ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի մասնաճիւղի գործունէութիւնը այսօր կ՚ընդգրկէ նաեւ Արցախէն բռնի տեղահանուած հայերու կարիքներու դիմագրաւումը։ Նիւ Եորքի մէջ ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի մասնաճիւղի ղեկավար Վազգէն Եագուպեան մեզի յայտնեց, թէ իրենց տեսլականը կը մնայ անփոփոխ։ «Մեր ուժը թաքնուած է քաջութեան, ճկունութեան եւ կարողութեան մէջ», կ՚ըսէ ան։ Այս երեք տարրերը վճռականութիւն մը կը նշանակեն ՀԲԸՄ-ի պարագային։ Արդարեւ, կառոյցը շատ արագ յաւելեալ միաւորներ ստեղծելու եւ շատ արագօրէն անակնկալ իրավիճակներուն արձագանգելու ընդունակութիւնը ունի։
Մօտաւոր անցեալին Սուրիայէն ստիպողաբար Հայաստան տեղափոխուածներուն համար ստեղծուած օժանդակութեան ցանցը ՀԲԸՄ-ի ղեկավարութեան կողմէ անմիջապէս անհրաժեշտ ձեւափոխութիւններէ անցուած է եւ յարմարեցուած՝ Արցախէն բռնի տեղահանուած հայերու կարիքները դիմագրաւելու գործին։ ՀԲԸՄ-ի կողմէ Հայաստանի մէջ կատարուած օժանդակութիւնները ուրիշ մարմիններու հետ ալ կը համակարգուին, որպէսզի օժանդակութիւններու բնոյթի պարագային կրկնութիւններ չըլլան եւ յատկացուած միջոցները բարձր արդիւնաւէտութիւն ունենան։ Ընդհանուր առմամբ ՀԲԸՄ-ի հիմնական նպատակներէն մին է, որ Հայաստան հաստատուածները կարենան ընտրել կեանքը։
Ի լրումն այս բոլորին, ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի մասնաճիւղի գործունէութիւնը կ՚ընդգրկէ շատ տարբեր երեսակներ, որոնք պայմանաւորուած են ի վերջոյ պետական միաւորի մը գոյութեան հանգամանքէն եւ առաջին հերթին այդքան ալ ընդհանրացած կամ սորովական չեն սփիւռքի պարագային։ Արդարեւ, ՀԲԸՄ այսօր կը հետաքրքրուի Հայաստանի մաքուր ուժանիւթի եւ մաքուր ջուրի կարիքներով, ուժանիւթի եւ սնունդի անվտանգութեամբ, Հայաստանի մէջ ապաստան գտածներու համար առաջին անհրաժեշտութեան հրատապ օգնութեան խնդիրներով եւ այլն։ Այսօր Արցախէն բռնի տեղահանեալներուն առընթեր, Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի մթնոլորտին մէջ ալ շատ են Հայաստան վերադարձածները։ ՀԲԸՄ, ընդհանրապէս, իր խոշորացոյցին տակ կ՚առնէ ստիպողաբար Հայաստան մեկնած կամ վերադարձած հայերու պարագաները։ Հրատապ օժանդակութեան ծիրէն ներս ուշադրութեան առարկայ կը դարձուին բնակարաններու տրամադրումը, բժշկական ծառայութիւնները, դպրոցահասակներու կրթութիւնն ու մարդոց հոգեբանական կարիքները։
93-րդ ընդհանուր ժողովի օրերուն ի յայտ եկաւ նաեւ, որ ՀԲԸՄ Հայաստանի գործունէութեան ապագան պատկերացնելու տեսակէտէ մեծ նշանակութիւն կու տայ «ԱՊՐԻ Արմենիա» կեդրոնի աշխատանքին։ Մասնագէտներու ներգրաւմամբ «ԱՊՐԻ Արմենիա»ն շատ լուրջ վերլուծական հարթակ մը դառնալու յաւակնութիւնը ունի, որպէսզի համախմբէ մասնագէտներ եւ անոնց կանխատեսումներու լոյսին տակ գնահատէ երկրի ապագան եւ այդ արժեւորումներուն վրայ նաեւ ինքզինքը դիրքաւորէ՝ Հայաստանի գործունէութեան տեսակէտէ։ «ԱՊՐԻ Արմենիա»ի աշխատանքներուն միջոցաւ այսօր ՀԲԸՄ լուրջ նպաստ մը կը բերէ տարածաշրջանի անվտանգային ճարտարապետութիւնը հասկնալի դարձնելու եւ Հայաստանի տեսակէտէ կանխատեսումներ ընելու համար։ Այս գործը թէ՛ կարճաժամկէտ եւ թէ երկարաժամկէտ կտրուածքներով նախատեսուած է։ Այս պահուն «ԱՊՐԻ Արմենիա»ի կողմէ նկատի կ՚առնուին թէ՛ Վրաստանի եւ թէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մօտալուտ ընտրութիւնները։ Բայց եւ այնպէս, ամէն ինչ երկարաժամկէտ կանխատեսումներով ալ կը դիտարկուի։ «ԱՊՐԻ Արմենիա»ն կը ձգտի Հայաստանի մասին նոր պատումներ ստեղծել։ Մասնագէտները կը խորհրդածեն, թէ այս պահուն կարեւորութիւն կը ներկայացնէ, որպէսզի ԱՄՆ-ը Իսրայէլի վրայ որոշ ճնշում մը բանեցնէ, որպէսզի կարելի ըլլայ փոփոխութեան հասնիլ Ատրպէյճանի նկատմամբ Իսրայէլի որդեգրած քաղաքականութեան մէջ։ «ԱՊՐԻ Արմենիա»ի վերլուծաբանները ուշադրութեան առարկայ կը դարձնեն Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմն ու անոր մէջ Թուրքիոյ դերակատարութիւնը, Չինաստանի համաշխարհային ազդեցութիւնն ու Թայուանի խնդիրը, Իրան-Իսրայէլ-Ատրպէյճան երրեակին վրայ ստեղծուած կացութիւնը։ Վերլուծաբանները կը դիտարկեն, որ հակառակ առկայ իրադրութեան բոլոր խնդիրներուն՝ Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւններն ալ կը շարունակեն լուրջ կարեւորութիւն ներկայացնել՝ հաշուի առնելով ուժանիւթի բնագաւառի համագործակցութիւնն ու հացահատիկի ապահովման խնդիրները եւ այլն։ Ընդհանուր առմամբ, ՀԲԸՄ-ի հովանաւորութեան ներքեւ տարուած աշխատանքները կ՚ենթադրեն, որ արեւմտեան քաղաքակրթութիւնը բնական արժէք մըն է։ Յամենայնդէպս, տարածաշրջանի հաւասարակշռութիւններուն տեսակէտէ կայ երեք առանցքային դերակատար՝ Թուրքիա, Ռուսաստան եւ Իրան։ «ԱՊՐԻ Արմենիա»ի մասնագէտները ունին այն բանաձեւումը, թէ այս երեք առանցքային դերակատարներէն մէկուն հետ պէտք է ըլլալ բարեկամ, իսկ միւսներուն հետ պէտք չէ ըլլալ թշնամի։
ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի վերաբերեալ գործունէութիւնը այսօր ընդհանրապէս կը նշանակէ աշխատանք մը, որ ամբողջ հայութեան վրայ ազդեցութիւն կրնայ գործել։ Արդարեւ, այսօրուան պատկերացումներով սփիւռքը դժուար թէ կարենայ ապագայ մը ունենալ առանց Հայաստանի։ Հետեւաբար, Հայաստանի հզօրացումը եւ հաստատութիւններուն ամրապնդումը միջնաժամկէտ ու երկարաժամկէտ ուղղակի կամ անուղղակի անպայման ազդեցութիւն կը գործեն նաեւ սփիւռքին, հետեւաբար հայութեան ընդհանուրին վրայ։ Ընդհանուր ժողովի օրերուն, մանաւանդ՝ «ԱՊՐԻ Արմենիա»ի ֆորումի ընթացքին ընդգծուեցաւ, որ Հայաստանի պարագային ՀԲԸՄ նկատի կ՚առնէ զանգուածային փոփոխութիւններու կառավարման ուղղեալ փորձառութիւնները։
ՀԲԸՄ այսօր կը տնօրինէ՝ շուրջ 1 միլիառ ամերիկեան տոլար արժողութեամբ ընդհանուր ստացուածք մը։ Սա կ՚ապացուցանէ, թէ այս կառոյցը համազգային վստահութեան առարկայ առանցք մը կը հանդիսանայ։ Միեւնոյն ժամանակ, այս հանգամանքին ի շարունակութիւն՝ ընդհանուր ժողովի ընթացքին ընդգծուած ձեւով մատնանշուեցաւ հաստատութեան թափանցիկութեան հանգամանքը։ ՀԲԸՄ-ի ղեկավարները շեշտեցին, որ ի պահանջել հարկին հաստատութիւնը չի վարանիր համարձակ որոշումներ առնելու՝ ապագայի տեսակէտէ կարեւոր հանգամանքներու լոյսին տակ։
ՀԲԸՄ-ի ընդհանուր գործունէութիւնը, որ տասնամեակներէ ի վեր ձեւաւորուած նախընթացներու հիման վրայ է եւ այս ընդհանուր ժողովին անոնց հաւանական եղափոխութեան մասին ալ ազդանշաններ տրուեցան, միշտ կը վերաբերի մարդուժի պատրաստութեան։ Սփիւռքի տեսակէտէ այսօր շատ հրատապ խնդիր մը դարձած է մարդուժի պատրաստութիւնը։ Արդարեւ, սփիւռքի մէջ հայկական մարդուժը այնքան սակաւացած է, որ ազգային հաստատութիւններու դիմագիծի պահպանման եւ նպատակասլաց գործունէութեան սպառնալ սկսած է։ Անհատներու կամ հաստատութիւններու խրախուսումը այս տեսակէտէ կարեւոր նշանակութիւն ունի։ Բաց աստի, ՀԲԸՄ-ի կողմէ Հայաստանի մէջ ծաւալուած աշխատանքն ալ կարելի է ծառայեցնել նաեւ սփիւռքի մարդուժի խնդիրներու լուծման նպատակին։ Արդարեւ, Հայաստանի մասնագիտական հաստատութիւններուն գործունէութիւնը կրնայ այնպէս մը երանգաւորուիլ, որ անոնք կրնան ծառայել նաեւ սփիւռքին մարդուժ պատրաստելու նպատակին։ ՀԲԸՄ-ի նման կառոյցները կրնան ապահովել այդպիսի կազմակերպութիւն մը, ինչ որ կը նշանակէ մէկ քարով քանի մը թռչուն որսալ։
Հուսկ, 93-րդ ընդհանուր ժողովի ամփոփման առումով կարելի արձանագրել, որ ՀԲԸՄ այսօր կը յաւակնի հայ իրականութենէն ներս զանգուածային փոփոխութիւններ առաջնորդելու եւ անոնց կառավարման տեսակէտէ ունի բաւարար ներուժը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
-վերջ-
İlk yorum yapan siz olun