Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը որ այս օրերուն հովուապետական այցելութեամբ կը գտնուի Ամերիկայի Արեւելեան թեմին մէջ, Կիրակի, 13 Հոկտեմբերին հայրապետական պատգամ ուղղեց Պոսթընի հայութեան, Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ, յընթացս Ս. եւ անմահ պատարագին, որ մատուցուեցաւ Արեւելեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեանի ձեռամբ։
Պոսթընէն եւ շրջակայից արուարձաններէն հայորդիներ հոծ բազմութեամբ ներկայ էին՝ մասնակցելու սուրբ պատարագին, լսելու պատգամը Արամ Ա. Վեհափառին եւ ստանալու անոր հայրական օրհնութիւնը։
Պատարագէն անմիջապէս ետք, Պոսթընի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ մը՝ ի պատիւ Արամ Ա. կաթողիկոսին։
Ճաշկերոյթի ընթացքին, Կաթողիկոսը իր հայրական յորդորը ուղղեց ներկաներուն։ Ան իր խօսքին սկիզբը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց ժամանակակից աշխարհը՝ զայն բնորոշելով արմատական ու յեղափոխական փոփոխութիւններով լեցուն աշխարհ մը, ընկերութեան բոլոր բնագաւառներուն մէջ։ Ապա, կաթողիկոսը յիշեալ փոփոխութիւններուն մասին խօսեցաւ մանրամասնօրէն եւ յայտնեց անոնց անդրադարձը հայ կեանքին վրայ։ Կաթողիկոսը շեշտեց Սփիւռքի վերակազմակերպումին հրամայականը՝ իր պատկերացումը ներկայացնելով չորս հիմնական կէտերու մէջ՝ ինքնութիւն, գաղութներու վերակազմակերպում, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեանց ամրապնդում եւ երիտասարդներու մասնակցութիւն հայ կեանքին մէջ։
Խօսքի վերջաւորութեան, Արամ Ա. կաթողիկոսը «Կիլիկեան Իշխան» շքանշանով պարգեւատրեց Նուպար Աֆէեանը։ Վերջինս, խօսք առնելով՝ յիշեց իր անցեալը, Լիբանանը եւ Պոսթընի հայ կեանքին մէջ տարած աշխատանքը։
Յայտնենք, որ Աֆէեան զոյգը բարերար հանդիսացած է Ս. Ստեփանոս վարժարանին մէկ շէնքին եւ զանազան պատասխանատուութիւններ ստանձնած է գաղութին մէջ։
Ճաշկերոյթէն ետք, վեհափառը իր իջեւանած պանդոկին մէջ ընդունեց Նուպար Աֆէեանի այցելութիւնը։ Երկար հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանին եւ Սփիւռքին վերաբերող շարք մը հարցեր։
Նուպար Աֆէեան կաթողիկոսին իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց՝ նպաստելու Սփիւռքի վերակազմակերպման վերաբերող ծրագիրներուն՝ կրթական, մշակութային եւ այլ բնագաւառներու մէջ։
https://www.facebook.com/photo/?fbid=463344860058933&set=a.135021036224652
İlk yorum yapan siz olun