Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 18 Հոկտեմբեր 2024, Ուրբաթ առաւօտ, ընդունեց Նառլըգաբուի Ս. Յովհաննէս Աւետարանիչ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեանի եւ առաջնորդութեամբ ատենապետ Հերման Կիւրճեանի։
Այցելուներ յայտնեցին, թէ եկած են Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնն ու հովանաւորութիւնը խնդրելու Նառլըգաբուի Եկեղեցւոյ տօնախմբութեան Ս. Պատարագին ու մատաղօրհնութեան եւ մեր Հոգեւոր Պետը հրաւիրելու սոյն հանդիսութեան։
Պատրիարք Հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց ի տես Նառլըգաբուի Ս. Յովհաննէս Աւետարանիչ Եկեղեցւոյ պայծառութեան համար եղած ջանքերուն։ Մեր Հոգեւոր Պետը գնահատեց հոգեւոր հովիւը եւ Թաղային Խորհուրդը, յաջողութիւն մաղթեց եկեղեցաշէն գործունէութեանց մէջ եւ ընդառաջելով եղած հրաւէրին խոստացաւ նախագահել հանդիսութեանց։
Նշենք, որ այս տարի Նառլըգաբուի Եկեղեցւոյ տօնախմբութիւնը պիտի կատարուի յառաջիկայ 10 Նոյեմբեր, Կիրակի առաւօտ։
https://www.facebook.com/photo?fbid=847846477551919&set=a.388050840198154
İlk yorum yapan siz olun