İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

«ԱՐԱՍ» ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱՏՈՒՆԸ ԿԸ ՁԵՌՆԱՐԿԷ «ԱՌԱՍՏԱՂԻ ՄԻՒՍ ԿՈՂՄԸ»Ի ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԵԱՆ

Մեր ընթերցողներուն ծանօթ է որ «Արաս» հրատարակչատունը 2018ին իրականացուցած էր Ռ. Հատտէճեանի «Առաստաղ» վէպի թրքերէնով (թարգմանիչ Անահիտ Հազարեան) վերհրատարակութիւնը, աշխատանքը իրականացնելով հրատարակչատան այդ օրերու հրատարակութեան տնօրէն, գրագէտ, հրապարակախօս Ռոպէր Քօփթաշի գլխաւորութեան ներքեւ։

Ի ուրախութիւն մեզի, «Արաս»ի վարիչները ծրագրած են իրականացնել վէպի երկրորդ մասի՝ «Առաստաղի միւս կողմը»ի թարգմանութիւնը։ Երէկ, 17 Հոկտեմբերին, այս լաւ նպատակի համար մեզի այցելեցին «Արաս»ի հրատարակութեան նոր տնօրէն Նեսրին Ուչարլար եւ պատասխանատուներէն Սելին Թովմասեան։

Խօսակցութեան առանցքային նիւթը դարձան մեր խմբագրապետի ստեղծագործական մեծ վաստակն ու «Առաստաղ» եւ «Առաստաղի միւս կողմը» գլուխ գործոց վէպերը, որոնք, ինչպէս նշեցին մեր հիւրերը, զգացական ու մտածական իմաստով, բացի հետաքրքրայարոյց ըլլալէ, կը բացայայտեն ազգային պատմութեան ներքին ծալքերը՝ ծերունիի մը մենախօսական սեւեռումներու լոյսին տակ, գլխաւոր հերոսի կերպարով ի ցոյց կը դնեն որ թէկուզ անկողնին մէջ իսկ գամուած, կարելի է ստեղծել ուրոյն փոքրիկ աշխարհ մը, կարելի է քննախոյզ դիտել զայն, դուրս ելլել ներաշխարհային ներկայութենէն ու միջավայրէն։

Ոգեւորուեցանք իրենց առաջարկէն եւ անկէ որ Ռոպէր Քօփթաշ այս անգամ եւս պիտի ստանձնէ թարգմանութեան պատասխանատուութիւնը ու ամենակարճ ժամանակի մէջ թուրք ընթերցողներ առիթը պիտի ունենան կարդալու երկրորդ վէպը եւս։

Յաջողութիւն կը մաղթենք «Արաս»ի անձնակազմին։

https://www.facebook.com/photo/?fbid=462650103461742&set=a.135021036224652

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın