İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՈՒՍՈՒՑՉԱՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐԻՉՆԵՐՈՒ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 17 Հոկտեմբեր 2024, Հինգշաբթի առաւօտ, ընդունեց Թրքահայ Ուսուցչաց Միութեան վարչութենէն Սրբուհի Հաֆիտուն, Շնորհիկ Զօրվարեանը եւ Մատլէն Թօրամանը։

Այցելուներ յայտնեցին, թէ եկած են Նորին Ամենապատուութիւնը հրաւիրելու այլեւս աւանդական դարձած նախաճաշի սեղանին, ուր կը հրաւիրուին քաղաքիս հանգստեան կոչուած ուսուցիչ եւ ուսուցչուհիները։

Մեր երբեմնի կրթական մշակները մէկ մէկ ի մի համախմբելու նպատակաւ կազմակերպուած սոյն ձեռնարկը գնահատելով, Պատրիարք Հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց եւ 
ընդառաջելով եղած հրաւէրին խոստացաւ սիրով նախագահել հաւաքին։

Մեր Հոգեւոր Պետը գնահատեց նաեւ Թրքահայ Ուսուցչաց Միութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ:

https://www.facebook.com/photo/?fbid=847134874289746&set=a.388050840198154

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın