İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԿՈՄԻՏԱՍԻ ՄԱՍԻՆ ՅԱՅՏԱԳԻՐ՝ ՔԻՒԹԱՀԻՈՅ ՄԷՋ

Կոմիտաս առաջին անգամ ըլլալով պիտի ոգեկոչուի իր ծննդավայր քաղաքի՝ Քիւթահիոյ մէջ։ Այսպէս Քիւթահիոյ քաղաքային խորհուրդը «Կոմիտաս՝ Քիւթահիայէն» խորագրով միջոցառում մը կը կազմակերպէ 20 Հոկտեմբերին։ Կազմակերպիչները քաղաքային խորհուրդի պատմութեան, մշակութային ժառանգութեան ու տեղական արժէքներու խումբի անդամներն են։

Միջոցառումը բաց է հանրութեան համար։ Կը կայանայ Քիւթահիոյ մշակոյթի ու արուեստի ընկերակցութեան կեդրոնին մէջ, 20 Հոկտեմբերի ժամը 14.00ին։

Որպէս հիւր հրաւիրուած են շարականագէտ, երաժիշտ Մուրատ Իչլինալչա եւ Փրօֆ. Տօքթ. Ճենք Կիւրայ ու իր խումբը, որոնք յօրինումներ պիտի հնչեցնեն Կոմիտասի անկրկնելի ստեղծագործութիւններէն։

https://www.facebook.com/photo/?fbid=461905610202858&set=a.135021036224652

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın