İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՆԱԽԿԻՆ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ԷՍԱԵԱՆԻ ՍԱՆ ՄԱՐԹԱ ԴԵՐՁԱԿԵԱՆ-ՊԱԹՄԱԶԵԱՆ ԱՄՆ-Ի ՄԷՋ ԱՐԺԱՆԱՑԱՒ «ԽՂՃԻ ԿՈՉ» ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՄՐՑԱՆԱԿԻՆ

Թորոնթոյի մեր պատուակալ աշխատակից Պր. Յարութիւն Դերձակեան կը տեղեկացնէ մեզի.-

Ամերիկա Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի Առաջնորդարանի հաղորդագրութենէն կը տեղեկանանք որ «Խղճի կոչ» հիմնադրամի 59րդ տարեկան մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցաւ 23 Սեպտեմբերին, Նիւ Եորքի «Փիէր» պանդոկի սրահներուն մէջ սարքուած ճաշկերոյթի մը ընթացքին։ Այդ երեկոյ իրենց մասնակցութիւնը բերին կրօնական, քաղաքական, գործարար եւ դիւանագիտական առաջնորդներ ու հաւաքոյթը գրեթէ շատ աւելի հայկականութեան վերածուեցաւ։

Այս տարուայ հեղինակաւոր «Խղճի կոչ» մրցանակը շնորհուեցաւ երկու անձերու՝ Ամերիկայի Յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ Առաջնորդ՝ Արքեպիսկոպոս Էլփիտոֆորոսին, որ եղած էր հայ եկեղեցւոյ եւ համայնքի մեծ բարեկամը ու աջակիցը։ Ինչպէս նաեւ գործարար Մարթա Դերձակեան-Պաթմազեանին, որ Արեւելեան թեմի երկարամեայ բարերար է եւ իր ամուսնոյն Ճեյմսի հետ նպաստած է բազմաթիւ հայկական ծրագիրներու, հայրենիքին եւ Սփիւռքին։

Թեմակալ առաջնորդ Մեսրոպ Եպս. Պարսամեանի աղօթքէն ետք, խօսեցաւ նախկին առաջնորդ Խաժակ Արք. Պարսամեան որ «Խղճի կոչ» հիմնադրամի նոյն ժամանակ փոխնախագահն է։ Սրբազանը շնորհակալութեան խօսքերով հանդէս եկաւ, կենսագրական գիծերով ներկայացուց պատուոյ հիւր, մեծարեալ Տիկին Պաթմազեանը, որ ամուսնոյն հետ միասին մեծ համբաւ կը վայելէ Արեւելեան թեմէն ներս։

«Խղճի կոչ» հիմնադրամը որու կեդրոնը կը գտնուի Նիւ Եորքի մէջ, հիմնուած է 1965ին, Ռապպի Արթիւր Շնայերի կողմէ։ Հիմնադրամին նպատակն է ամբողջ աշխարհի մէջ պաշտպանել մարդու իրաւունքները եւ կրօնական ազատութիւնները։

Արեւելեան թեմը երկար ժամանակ այս կազմակերպութեան գործօն ղեկավարի դեր ունեցած է՝ թեմի նախկին առաջնորդներ Թորգոմ Արք. Մանուկեանի, Խաժակ Արք. Պարսամեանի եւ Դանիէլ Եպս. Ֆընտըքեանի օրերուն։

Մարթա Դերձակեան-Պաթմազեան ծնած է Պոլիս, Էսաեան վարժարանէն առաջնութեամբ շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, իր ուսումը շարունակած է Ռոպէրթ գոլէճի մէջ, երրորդ դասարանէ ետք ընտանիքին հետ միասնաբար փոխադրուած է Նետրլենտ։ Հոն տարի մը իր ուսումը շարունակած է տեղւոյն Լէյթենի համալսարանը։

Տիկ. Պաթմազեան Ամերիկայի Պոսթըն քաղաքը հաստատուելէ ետք, Էմըրսըն գոլէճէն «Պաչըլըր օֆ Արթ», ապա Պրէնտէիս համալսարանէն Մագիստրոս եւ Տոքթորայի տիտղոսներուն արժանացած է

Ուսումնական շրջանը աւարտելէ ետք, Մարթան ութ տարի ծառայած է փոքր մասնաւոր դպրոցի մը մէջ՝ որպէս տեսուչ, յետոյ եղած է Մասաչուսեց համալսարանի օժանդակ Փրոֆէսէօր։ Ֆլորիտա Պոքա Ռաթոն քաղաքը հաստատուելէ ետք Մայամիի Պէրի համալսարանէն ստացած է Մ.Պ.Ա. կոչումը։

Մարթա Դերձակեան-Պաթմազեան քաղաքականութեան ասպարէզ մուտք գործած է 1982 թուականին, Ամերիկայի ընտրութեան շրջանին Մասաչուսեց նահանգի Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ ծերակոյտի (սենատ) համար թեկնածու առաջադրուած է, բայց չէ ընտրուած։

Տիկ. Պաթմազեան Պոսթըն գտնուած շրջանին ծանօթացած է իր ամուսնոյն Ճեյմըսի հետ, որ շրջանաւարտ եղած է յայտնի Հարվըրտ համալսարանի իրաւաբանութեան ճիւղէն։

Տէր եւ Տիկ. Պաթմազեաններ Պոսթըն գտնուած միջոցին գործի կը նետուին։ Նախ Մարթա իր ջանքերով Քէմպրիճի մէջ հիմնած ու ղեկավարած է ճամբորդական, ապահովագրական եւ անշարժ գոյքի ընկերութիւն մը։ Ընտանիքը բաւական ապրանքներու տիրանալէ ետք, 1983ին տեղափոխուած է Ֆլորիտա Պոքա Ռաթոն քաղաքը եւ հոն հիմնած է անշարժ գոյքի ներդրումներու եւ կառավարման ընկերութիւն մը՝ «Ինվէսթմընթ Լիմիթետ»ը։

Տիկին Պաթմազեան ներգրաւուած է համայնքային կեանքի մէջ։ Ան հիմնած եւ հովանաւորած է բարեգործական բազմաթիւ նախաձեռնութիւններ, ինչպէս նաեւ մաս կազմած է Պոքա Ռաթոնի մէջ բազմաթիւ բարենպատակ հաստատութիւններուն, կազմակերպութիւններուն։ Վարչական կազմերուն մէջ դեր ստանձնելով իր ներդրումը բերած եւ զանազան պարգեւներու արժանացած է։ Պոքա Ռաթոնի եւ զանազան նահանգներու մէջ անհամար կալուածներու տիրացած են, ունին նաեւ նշանաւոր «Ռոյըլ» փլազան, որուն կեդրոնը կը ծածանի հայկական եռագոյնը։

Կը շնորհաւորենք Տիկին Մարթա Դերձակեան-Պաթմազեանը մարդասիրական այս մրցանակին արժանանալու նպատակով։ Կը շնորհաւորենք նաեւ մեր աշխատակից Պր. Յարութիւն Դերձակեանը որու զարմուհիին զաւակն է այս պատուաբեր հայուհին։

https://www.normarmara.com/arsiv2024-2/161024lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın