İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՄԱՀ՝ ՖՐԱՆՍԱՀԱՅ ԽՄԲԱՎԱՐ ԿԱՐՊԻՍ ԱՓՐԻԿԵԱՆԻ ԵՒ ՊԱՏՈՒԵԼԻ ՍԱՀԱԿԵԱՆԻ

Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթէն կը տեղեկանանք որ իր մահկանացուն կնքած է վաստակաշատ երաժշտագէտ, յօրինող ու խմբավար Կարպիս Ափրիկեան։ Ան հոգին աւանդած է Մալաքոֆի իր բնակարանին մէջ, 98 տարեկանին։

Թերթը կը գրէ որ մաէսթրոյի տասնամեակներու վաստակը անկարելի է ամփոփել քանի մը սեղմ տողի մէջ։ Կը յիշեցնէ միայն որ անոր անունն ու յիշատակը անքակտելի պիտի մնան «Սիփան-Կոմիտաս» երգչախումբէն, որու խմբավարութիւնը ստանձնած է այնքա՜ն երկար տարիներ եւ մա՛նաւանդ զայն հասցուցած է այն բարձունքին, որուն վրայ կը գտնուի այսօր։ Ափրիկեանի անունը պիտի յիշատակուի նաեւ «Սասունցի Դաւիթի ծնունդը» դիւցազներգութեամբ (օրաթորիօ)՝ իր ամէնէն կարեւոր յօրինումը, ի շարս այլ բազմաթիւ ստեղծագործութիւններու։

Ըստ «Նոր Յառաջ»ին, դեռ քանի մը օր առաջ Փարիզի քաղաքապետարանը իր հեղինակաւոր «Վերմէյլ» շքանշանով պարգեւատրած էր վաստակաշատ վարպետը։

Երկրորդ բօթը, զոր կը հաղորդէ թերթը, պատուելի Սամուէլ Սահակեանի մահն է։ Ան կարեւոր ներդրում ունեցած էր ֆրանս-հայկական բարեկամութիւնը ամրապնդելու աշխատանքին մէջ։ 17 Յունուար 2024ին, մարդասիրական երկարամեայ անխոնջ գործունէութեան համար, Հայաստանի նախագահին հրամանագրով անոր շնորհուած էր «Բարեկամութեան շքանշան» պետական բարձր պարգեւը։

https://www.normarmara.com/arsiv2024-2/161024lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın