İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԳԱԼՖԱՅԵԱՆԻ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 16 Հոկտեմբեր 2024, Չորեքշաբթի, ընդունեց Գալֆայեան Վարժարանի Խնամակալութեան անդամները, գլխաւորութեամբ Գալֆայեան Միաբանութեան քոյր Առաքինազարդ Գայեանէ Կսրկ. Տուլքատիրեանը եւ առաջնորդութեամբ ատենապետ Ալֆրետ Սունայի։ Խնամակալութեան զօրակցելու համար համախմբուած էին քաղաքիս Ասիական ափի մեր վաքըֆներու ներկայացուցիչները, որոնք եւս եկած էին այցելութեան:

Այցելուներ յայտնեցին, թէ եկած են Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնն ու հովանաւորութիւնը խնդրելու երբեմնի Գալֆայեան Որբանոցի՝ այժմու Գալֆայեան Վարժարանի տօնախմբութեան Ս. Պատարագին ու մատաղօրհնութեան եւ մեր Հոգեւոր Պետը հրաւիրելու սոյն հանդիսութեան։

Պատրիարք Հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց ի տես մեր դարաւոր կրթական ու բարեսիրական այս հաստատութեան՝ Գալֆայեանի պայծառութեան համար եղած ջանքերուն։ Մեր Հոգեւոր Պետը գնահատեց Առաքինազարդ Քոյրն ու Խնամակալութիւնը, յաջողութիւն մաղթեց կրթանուէր իրենց գործունէութեանց մէջ եւ ընդառաջելով եղած հրաւէրին խոստացաւ սիրով նախագահել հանդիսութեանց։

Նշենք, որ այս տարի Գալֆայեանի տօնախմբութիւնը պիտի կատարուի յառաջիկայ 27 Հոկտեմբեր, կիրակի առաւօտ։

https://www.facebook.com/photo/?fbid=846400224363211&set=a.388050840198154

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın