İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՖՐԱՆՍԻՍԿԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ Պատրիարք Հայրը, 15 Հոկտեմբեր 2024, Երեքշաբթի երեկոյեան, ընդունեց քաղաքէս եւ զանազան վայրերէ ժամանած Ֆրանսիսկեան միաբաններու խումբ մը, որ կը բաղկանար վարդապետներէ եւ քոյրերէ։ Անոնք ի մի հաւաքուելով Ստանպուլ, փափաքած էին զանազան եկեղեցիներ այցելել եւ ներկայացան մեր Հոգեւոր Պետին:

Նորին Ամենապատուութեան բարի գալստեան խօսքերէ յետոյ, ընդհանուր գիծերու մէջ ծանօթացուց Պոլսոյ Պատրիարքութեան պատմականը նաեւ մեր համայնքային կեանքը։ Ընդգծեց, թէ քաղաքի մէջ քրիստոնեայ յարանուանութեանց միջեւ կայ եղբայրական յարաբերութիւն։

Հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին ընդունելութեան համար։ Ապա այցելեցին նաեւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցի:

https://www.facebook.com/photo/?fbid=845702097766357&set=a.388050840198154

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın