İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ՓՐՕՖ. ՏՔԹ. ՏԱՐՕՆ ԱՃԷՄՕՂԼՈՒՆ

Նախկին Ստանպուլահայ Փրօֆ. Տքթ. Տարօն Աճէմօղլու տնտեսագիտութեան գետնի վրայ արժանացաւ Նոպէլեան մրցանակի:

Նոյն առթիւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 15 Հոկտեմբեր 2024, Երեքշաբթի, շնորհաւորական նամակ մը յղեց Փրօֆ. Տքթ. Տարօն Աճէմօղլուին, բարձր գնահատեց հանրածանօթ գիտնականը եւ ըսաւ.

«Սրտի անհուն հրճուանքով տեղեկացանք, թէ Ձեր գիտաշխատութեամբ արժանացած էք Նոպէլեան մրցանակի։ Արժան եւ իրաւ։

Ձեր ցարդ արձանագրած յաջողութիւնները, միջազգային գետնի վրայ գտած ճանաչումը, հեղինակած յօդուածները, գիտաշխատութիւնները եւ գիրքերը խօսուն արձաններ են, որոնք կը մնան եւ պիտի մնան գիտութեան աշխարհէն ներս, պատիւ բերելով նախ Ձեր անձին, ապա Ձեր ընտանիքին եւ հուսկ՝ մեր երկրին Թուրքիոյ ու այդ գծով ալ Թուրքիոյ Հայ համայնքին։

Վստահ ենք, որ Ձեր ծնողքէն ժառանգած էք յամառ գիտաշխատութեան խանդն ու կորովը։ Մենք կը յիշենք Ձեր հոգելոյս մայրը՝ Իրմա Աճէմեանը, հանրածանօթ կրթական ու գրչի մշակը, նաեւ Ձեր հոգելոյս հայրը՝ Տոց. Տքթ. Գէորգ Աճէմօղլուն, իր կոչումին յիրաւի գիտակից իրաւաբանը, որոնց ուղղամիտ ջանասիրութեամբ իրենց վստահուած պաշտօնները պսակուած են յաջողութիւններով։ Այժմ Դուք կը փայլիք գիտութեան երկնակամարին վրայ, երբ կը տեսնուին Ձեր յաջողութիւնները պսակուած Նոպէլեան մրցանակով։ Աստուած օրհնէ Ձեզ եւ Ձեր ընտանիքը։

Այս ուրախ առթիւ կու գանք շնորհաւորել Ձեզ, խնդակցելով նախ Ձեր ընտանիքին, ապա Ձեզ ու Ձեր գիտութիւնը յարգող բազում ծանօթ եւ բարեկամներու, դասախօս ընկերներու։ Մեր շնորհաւորականին կու գան միանալ մեր Հոգեւորականաց Դասը, մեր եկեղեցեաց ծառայողները, համայնքային ու թաղային մարմիններու վարիչները եւ համայն Թրքահայ համայնքը, ի Տեառնէ մաղթելով քաջառողջ կեանք, յարատեւ արտադրելու եռանդ, յաջողութիւններ եւ անխառն երջանկութիւն։»

https://www.facebook.com/photo?fbid=845698241100076&set=a.388050840198154

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın