İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ՓՐՕՖ. ՏԱՐՕՆ ԱՃԷՄՕՂԼՈՒՆ

Հանրապետութեան Նախագահ Էրտողան Նոպէլեան դափնեկիր դառնալու առիթով շնորհաւորեց Փրօֆ. Տարօն Աճէմօղլուն։ Իր շնորհաւորական նամակին մէջ Էրտողան դիտել տուաւ որ Աճէմօղլուի տնտեսական տնտեսութիւնները եւ համաշխարհային տնտեսութեան մասին ազդեցիկ ուսումնասիրութիւնները լայն արձագանգ գտան միջազգային տարողութեամբ։

«Ձեր ձեռքբերումները Թուրքիոյ համար հպարտութեան կարեւոր աղբիւր են։ Նախորդ տարիներուն Նոպէլեան մրցանակի արժանացած միւս թուրք գիտնականներու հետ միասին, դուք ցոյց կուտաք թէ որքա՜ն արդիւնաւէտ է թրքական ակադեմական աշխարհը՝ միջազգային ասպարէզէն ներս։ Ձեր հետազօտութիւնները յայտնի են նորարարական մօտեցումներու մշակումով այնպիսի ոլորտներէ ներս, ինչպիսին են տնտեսական բարգաւաճումը, համակարգուած տնտեսագիտութիւնը եւ ընկերային կշռոյթը։ Այս մրցանակը ո՛չ միայն Աճէմօղլուի, այլ նաեւ թրքական գիտական հանրութեան ձեռքբերումն է», դիտել տուաւ Նախագահ Էրտողան։

ՊԷ-ՊԷ-ԿԷ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵԼԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Մինչ տեղական մամուլին մէջ հպարտութեամբ կը շրջանառուի Պոլսահայ Փրօֆ. Տարօն Աճէմօղլուի անունը, անդին, ընկերային ցանցերու մէջ այս լուրը ակամայ «կը շաղկապուի» անբաղձալի այլ իրողութեան մը հետ։ Ի՞նչ է խնդիրը։ Պէ-Պէ-Կէ կուսակցութեան առաջնորդ Մուսթաֆա Տեսթեճի հերթական անգամ անտեղի թիրախաւորած է քրտական «ՏԷՄ» կուսակցութիւնը ու այս երկրի հայ եւ յոյն հայրենակիցները։ Ինչո՞ւ, որովհետեւ բոլոր անոնք, որոնց «քրէտիթ քարտ»երու մէջ ունին 100 հազար լիրայի սահմանաչափ գումար, տարեկան 750 լիրա տուրք պիտի վճարեն Պաշտպանութեան Նախարարութեան։ Բազմաթիւ հայրենակիցներ այս սահմանաչափը իջեցուցած են 99 հազար լիրայի, որպէսզի յաւելեալ տուրք չվճարեն։ Տեսթեճիի համաձայն, այդպէս կը շարժին քրտական «ՏԷՄ» կուսակցութեան անդամները, յոյներն ու հայերը։

Տէսթէճիի այս խօսքերուն դէմ բողոքի ալիք սկսաւ համացանցի մէջ։ Յառաջադէմ գործիչներ դիտել տուին որ մէկ կողմէ կը հպարտանանք որ Թուրքիայէն հայազգի Տարօն Աճէմօղլու Նոպէլ կը ստանայ, միւս կողմէ հայերը կը նուաստացնենք այդպիսի անբախտ յայտարարութիւններով։

https://www.facebook.com/photo?fbid=460440687016017&set=a.135021036224652

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın