İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԼԵՒՈՆ ԱՐՔ. ԶԷՔԻԵԱՆ ՀՐԱԺԱՐԵՑԱՒ ՊԱՇՏՕՆԷՆ

Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ համայնքի Վիճակաւոր՝ Արհի. Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան ներկայացուցած է հրաժարականի դիմում մը, որ վաւերացուած է 10 Հոկտեմբերին։ Պատճառը տարիքային սահմանափակումն է։ Կաթողիկէ Արեւելեան եկեղեցիներու պարագային մինչեւ 75 տարիքի սահմանափակում մը կայ, բայց կարգ մը պարագաներու կը խնդրուի որ պաշտօնը շարունակուի, ինչպէս պատահած է Գերապայծառ Զէքիեանի պարագային. ան իր պաշտօնը շարունակած է մինչեւ 81 տարեկան։

Ինչպէ՞ս պիտի ընթանայ նոր գործընթացը։ Թուրքիոյ Կաթողիկէ համայնքի Վիճակաւորի աթոռը թափուր պիտի հռչակուի, յետոյ անմիջապէս կառավարիչի մը կամ փոխանորդի մը անունը պիտի յայտարարուի, աւելի վերջ ալ՝ ընտրութիւն նոր Վիճակաւորի։ Կը սպասենք Առաջնորդարանի պաշտօնական լուսաբանութեան։ 

https://www.facebook.com/photo/?fbid=460440600349359&set=ecnf.100091502692999

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın