İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԳԵՐՄԱՆԻԱՅԷՆ ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ Պատրիարք Հայրըö 10 Հոկտեմբեր 2024, Հինգշաբթի, ժամը 15.00-ին, ընդունեց Գերմանիոյ Միջեկեղեցական Կեդրոնական Խորհուրդի վարչութեան պատուիրակութիւնը, որ կը բաղկանար տարբեր եկեղեցիները ներկայացնող վեց բարձրաստիճան հոգեւորականներէ։ Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր նոյն խորհուրդի ատենապետ՝ Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցիէն Ռադու Գոնսթանթին Ա. Քհնյ. Միւռոն։ Ընդունելութեան ներկայ գտնուեցաւ Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։

Նորին Ամենապատուութեան բարի գալստեան խօսքերէն յետոյ երկխօսութեան ջերմ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ գաղափարի փոխանակումներ միջեկեղեցական յարաբերութեանց եւ եկեղեցին յուզող զանազան հարցերու մասին։

Նորին Ամենապատուութիւնը ընդհանուր գիծերու մէջ ծանօթացուց Պոլսոյ Պատրիարքութեան պատմականը նաեւ մեր համայնքային կեանքը։ Ընդգծեց, թէ քաղաքի մէջ քրիստոնեայ յարանուանութեանց միջեւ կայ եղբայրական յարաբերութիւն։ Ներկաներուն նուիրեց «Քրիստոնէութեան Հիմնական Սկզբունքները» գրքի անգլերէն տարբերակէն օրինակներ։ Այս առթիւ շեշտեց, որ այս գիրքը միակն է, որ կը կրէ Քրիստոնեայ յարանուանութեանց հոգեւոր պետերու ստորագրութիւնը։

Տեսակցութեան աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը նուիրեց նաեւ Լեւոն Լաճիկեանի «Պոլիսը Հին եւ Նոր» գիրքէն օրինակներ եւ փայտեայ խաչեր։

Հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին ընդունելութեան համար։

https://www.facebook.com/photo/?fbid=842221434781090&set=a.388050840198154

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın