Ուսուցչաց Հիմնարկի վարչութեան անդամուհիներ Մարիամ Տրամէրեան եւ Մարի Նալճը երէկ Խմբագրատուն այցելեցին, լաւ լուրով մը։
Ծանօթ է որ այս տարեսկզբին, Ուսուցչաց Հիմնարկի վարչութեան մէջ կազմուեցաւ կրթական յանձնախումբ մը՝ գլխաւորութեամբ վաստակաշատ կրթական մշակ Տիկին Մարի Նալճըի։ Այս յանձնախումբին մաս կազմեցին Արմէն Սարուխանեան, Սօսի Սուլթանեան, Սիպիլ Արբաճըք եւ Նարէ Կավրիլօֆ, հետապնդելով կարեւոր նպատակ մը։ Ի՞նչ էր առաջադրութիւնը։ Տրուած ըլլալով որ մեր դպրոցներու մէջ մայրենի լեզուի համար հասարակաց կրթական ծրագիր մը չկայ, տարիներէ ի վեր ուսուցիչներ իրենց անձնական ծրագրով կը կատարեն դասաւանդութիւնները։ Այս կարեւոր բացը լրացնելու համար է որ տարեսկզբին Կրթական յանձնախումբը ի մի հաւաքեց մեր վարժարաններու հայերէնի ուսուցիչները եւ անոնց հետ պարբերաբար ժողովներ գումարելով նախ ենթահող, յետոյ գործնական ծրագիր մը պատրաստեց հայերէնի ու ուսողութեան դասերու համար հասարակաց դասագիրք մը ունենալու նպատակով։
Ուսուցչաց Հիմնարկի մեր հիւրերը երէկ նորատիպ երկու դասագիրք յանձնեցին խմբագրութեան։ Ասոնք նախատեսուած են մանկապարտէզի վերջին դասարանի տղոց համար։ Այս տարեշրջանին մեր բոլոր վարժարաններու մանկապարտէզի սաները այս օժանդակ գիրքերով պիտի սորվին մեր մայրենին ու թուաբանութիւնը։ Հայերէնի պարագային չորս գիրքէ, «Տառաշխարհ» ընդհանուր վերնագրի տակ ամէն գիրքի մէջ հինգ տառով շարք մը պատրաստուած է, այսինքն տղաքը 20 տառ սորված պիտի ընդունուին առաջին դասարան, իսկ թուաբանութեան համար «Լիալուսինին թուաբանութեան երազը» անունով գիրքով պիտի սորվին մինչեւ 10 թիւերը եւ անոնց հետ թուաբանական գործողութիւնները։ Դասագիրքերը տպուած են Ուսուցչաց Հիմնարկի կողմէ եւ յառաջիկայ շաբաթ ձրիաբար պիտի բաժնուին մեր վարժարաններուն։
Հրատարակիչները գեղեցիկ ձեւաւորումով ու գունազարդումով գիրքեր պատրաստած են, ամէն ինչ պատշաճեցնելով արդի պահանջներուն։ Բացի նկարազարդողէն, գիրքերու պատրաստող յանձնախումբի անդամները, խմբագիրը եւ խմբագրական կազմի բոլոր աշխատակիցները սիրայօժար մասնակցութիւն բերած են այս կարեւոր գործին։
Ուսուցչաց Հիմնարկի վարչութիւնը վերսկսած է հայերէնի դասընթացքներուն։ Մարմարա-ի աշխատակից, հայերէն լեզուի ուսուցչուհի Լեռնա Գարաքիւթիւք կը կատարէ դասաւանդութիւնները։ Արձանագրուած էր 30 հոգի։ Անցեալ Ուրբաթ, առաջին դասին անոնցմէ 18ը մասնակցութիւն բերած է. մէկը մասը ուսուցիչ է, մէկ մասը տակաւին ուսանող, այսինքն ապագայ ուսուցիչ։
Ուրախացանք այս լաւ նորութիւններու համար։ Մեր հիւրերուն հետ զրոյցը կեդրոնացաւ մայրենի լեզուի նկատմամբ համատարած անտարբերութեան վրայ, անգամ մը եւս ցաւով արձանագրեցինք որ հայ ինքնութեան հիմնասիւնը՝ մայրենի լեզուն կորսնցուցած է իր արժէքը եւ նորահաս սերունդը կամաց կամաց կ’երթայ դէպի ուծացում։
Շնորհաւորեցինք վարիչները, յաջողութիւն մաղթեցինք հայրենանուէր գործունէութեան մէջ։
İlk yorum yapan siz olun