Աւելի քան տասը տարի է որ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը կ’աջակցի հայերէնի վերաբերեալ արհեստագիտական գործիքներու ստեղծումին, որպէսզի հայերէնը համատեղելի մնայ ոլորտին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն հետ։ Բաժանմունքը ըլլալով լեզուի, մանաւանդ արեւմտահայերէնի եւ տեղեկատուական թեքնաբանութեան բնագաւառին մէջ առաջատար մը, երկար տարիներ է կը համագործակցի Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն մասնագէտներու հետ՝ աջակցելու «լեզու եւ թեքնաբանութիւն» ծրագիրներու իրականացումին։ Ասոնց շարքին են՝ առցանց բառարաններու կայքէջերը, հայերէնի համընդհանուր ուղղագրիչները, հայ գրականութեան որոնելի տուեալներու շտեմարանները եւ մեծ քանակով գրաւոր նիւթերը, հայերէնի քերականութիւնը, նախադասութեան կառուցուածքները եւ բառակազմութիւնը վերլուծող կայքէջերը եւ գործիքները, Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան, ինչպէս նաեւ թուայնացումի մեծ նախագիծերը։
Հաշուի առնելով հայերէնի գործածութիւնը բարելաւելու մեր առաքելութիւնը, այս թուային աղբիւրներն ու գործիքները բաց եւ ազատ ձեւաչափով հասանելի են հանրութեան։
Վերջին շրջանի թեքնաբանական զարգացումներուն, մասնաւորապէս Արհեստական բանականութեան արագ եւ շարունակական յառաջացումին լոյսին տակ, ինչպէս նաեւ Բաժանմունքին հնգամեայ ընթացիկ ծրագիրին պարունակին մէջ, Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքը կը փնտռէ խորհրդատու մը՝ »Տեղեկատուական թեքնաբանութիւն եւ լեզու« ոլորտի ծրագիրներ մշակելու եւ զանոնք վերահսկելու համար, հաշուի առնելով անոնց իրագործելիութիւնը, առնչելիութիւնը եւ կարեւորութիւնը։ Խորհրդատու պաշտօնին վերաբերեալ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկի պաշտօնական կայքէջը։
Դիմումները պէտք է ղրկել ….. ժհիկդոսհմՖըալշդոթսհո.ղէ հասցէին, նամակի վերնագիրին մէջ նշելով «Տեղեկատուական թեքնաբանութիւն—լեզու խորհրդատու»։ Դիմումներու վերջնաժամկէտը՝ 30 Նոյեմբեր 2024։ Դիմումները պէտք է ներառեն սեղմակենսագրական մը, տուեալ ոլորտին մէջ ունեցած փորձառութիւնը, եւ համառօտ պատկերացում մը թէ ինչպէս պէտք է ապահովել հայերէնի կենսունակութիւնը Տեղեկատուական թեքնաբանութեան եւ Արհեստական բանականութեան լոյսին տակ։
https://www.facebook.com/photo?fbid=454933924233360&set=a.135021036224652
İlk yorum yapan siz olun