Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հրամանաւ եւ օրհնութեամբ, Հաթայի եկեղեցեաց հոգեւոր հովիւ եւ գաւառի տեսուչ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, 29 Սեպտեմբեր 2024, Կիրակի առաւօտ, մեկնեցաւ Էլազըղ:
Տէր Հայրը Գերեզմանատան Ս. Նշան մատրան մէջ Խաչվերացի տաղաւարի Ս. Պատարագ մատոյց, որու ընթացքին քարոզեց նիւթ ունենալով Տէր Յիսուս Քրիստոսի խաչը: Ան ըսաւ, որ խաչը լոկ խորհրդանիշ մը չէ, այլ՝ Տէր Յիսուս Քրիստոսի կեանքին արտացոլացումը: Խաչը ունի սիրոյ եւ խոնարհութեան զոյգ իմաստներ եւս: Ս. Սեղանին սպասարկեց Արման Եաղճը: Արարողութեան մասնակցեցան տեղւոյն փոքրաթիւ հայ համայնքի անդամները:
Յաւարտ Ս. Պատարագի՝ խաչը զարդարող ռեհանները ժողովուրդին բաժնուեցան:
Այցելութիւն տրուեցաւ գերեզմանատան շիրիմներուն եւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն:
Տէր Հայրը զրուցեց տեղւոյն մերազն ժողովուրդի անդամներուն հետ:
Էլազըղի մեր ժողովուրդը Տէր Հօր անձին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր, որ բարի եղած է ուղարկել Տէր Հայրը, որ Ս. Պատարագ մատուցելով ու քարոզելով մխիթարած է մեր հաւատացեալ ժողովուրդը:
Տէր Հայրը նոյն օր Էլազըղ մնալէ ետք, յաջորդ առաւօտ վերադարձաւ Հաթայ:
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun