İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՌԻՆԱ ՕՆՈՒՐ-ՇԻՐԻՆՕՂԼՈՒ «ՍԹԱՐԹ ԱՓ ՄԷԿԸԶԻՆ»Ի ՇԱՊԻԿԻՆ ՎՐԱՅ

«Սթարթ ափ մէկըզին» ամսագիրը կը հրատարակուի 2014 թուականի Ապրիլէն ի վեր՝ «Քէփիթըլ» եւ «Էքոնոմիսթ» ամսագրերու կողմէ ստեղծուած աշխատանքային խումբի մը կողմէ։ Նպատակն է ներկայացնել տնտեսական համակարգի կարեւոր դերակատարները։

Ամսագրի Սեպտեմբեր-Նոյեմբեր թիւը լոյս տեսաւ քանի մը օր առաջ։ Այս թիւի շապիկը կը զարդարէ Պոլսահայ երիտասարդ տնտեսագիտուհի, «Սփայք Կէյմս» ընկերութեան համահիմնադիր ու գործադիր տնօրէն Ռինա Օնուր-Շիրինօղլուն։ Մեծադիր լուսանկարի հետ միասին տեղ տրուած է Ռինայի «Մենք առաջին անգամ պիտի ստեղծենք համաշխարհային հսկայ մը» արտայայտութեան, իսկ ներքին էջերուն վրայ՝ ընդարձակ հարցազրոյց մը։

Ռինա Օնուր-Շիրինօղլու բջջային խաղերու «Սփայք Կէյմս» ընկերութեան համահիմնադիրն է։ Այս ընկերութիւնը հիմնուած է մօտաւորապէս չորս տարի առաջ, նախկին «Փիք Կէյմս» եւ «Զինկա» ընկերութիւններու կողմէ։

«Սփայք Կէյմս»ի պատասխանատուներն են Ռինա Օնուր-Շիրինօղլու, Ռեմի Օնուր, Պարքըն Պաշարան եւ Ֆուաթ Ճօշքուն։ Այս ընկերութիւնը կը մշակէ բջջային խաղեր։ «Սփայք Կէյմս»ի խաղերը կը մշակուին մօտաւորապէս 70 հոգիէ բաղկացեալ թիմի մը աշխատանքով։ Այդ խաղերը կը ներառնեն հանրածանօթ «Ռոյըլ Ռիչս», «Պլից Պասթըրս» եւ «Թայլ Պասթըրս» խաղերը։

https://www.normarmara.com/arsiv2024-2/041024lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın