Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 4 Հոկտեմբեր 2024, Ուրբաթ, ընդունեց Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեանի եւ ատենապետ Մարի Եանճըի։
Այցելուներ յայտնեցին, թէ եկած են Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնն ու հովանաւորութիւնը խնդրելու Պաքըրգիւղի մեր եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութեան Ս. Պատարագին ու մատաղօրհնութեան եւ մեր Հոգեւոր Պետը հրաւիրելու սոյն հանդիսութեան։
Բաց աստի, այցելուներ մեր Հոգեւոր Պետին տեղեկութիւն տուին, որ յառաջիկայ Ս. Թարգմանչաց Վարդապետաց տօնին առթիւ կը պատրաստուին մշակութային հանդիսութեան մը, որուն եւս հրաւիրեցին Նորին Ամենապատուութիւնը:
Պատրիարք Հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց ի տես Պաքըրգիւղի մեր եկեղեցւոյ պայծառութեան համար եւ թաղի Տատեան Վարժարանի ի նպաստ եղած ջանքերուն։ Մեր Հոգեւոր Պետը գնահատեց Թաղային Խորհուրդը եւ յարակից մարմինները, յաջողութիւն մաղթեց եկեղեցաշէն ու կրթանուէր բոլոր գործունէութեանց մէջ եւ ընդառաջելով եղած հրաւէրին խոստացաւ սիրով նախագահել թէ եկեղեցական եւ թէ աշխարհիկ հանդիսութեանց։
Նշենք, որ այս տարի Պաքըրգիւղի Եկեղեցւոյ տօնախմբութիւնը պիտի կատարուի յառաջիկայ 17 Նոյեմբերին։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun