İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱԶԳԱՅԻՆ ԲԱՐԵՐԱՐՆԵՐ ՀԱՅԿ ԱՍԼԱՆԵԱՆ ՈՒ ԱՐԷՏ-ՄՕՆԻՔ ԵՐԿԱՆԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՆ

Ինչպէս օրին գրած էինք (30 Սեպտեմբերի մեր թիւով) Էջմիածնի Մայր տաճարի վերաօծման արարողութեան ընթացքին Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը «Սուրբ Էջմիածին» պատուոյ բարձր շքանշանով պարգեւատրած էր խումբ մը բարերարներ, որոնք նիւթական մեծ աջակցութիւն ցուցաբերած էին Մայր տաճարի ամբողջական վերանորոգութեան աշխատանքին։

Պոլսահայութեան համար պատիւ է որ պարգեւատրեալներու կարգին ունինք մեր համայնքէն երկու մեծանուն բարերարներ, երկու տիպար անձեր, որոնք համայնքային կեանքէն ներս իրենց հեղինակութեամբ եւ աչքառու գործունէութեամբ, անսակարկ յարգանք կը վայելեն բոլորին կողմէ։

Ազգային գործիչներ Տիար Հայկ Ասլանեան ու Տէր եւ Տիկին Արէտ – Մօնիք Երկանեան երէկ, Գումգաբուի Աթոռանիստ Մայր տաճարի մէջ սարքուած արարողութեան ընթացքին Ամեն. Տ. Սահակ Արք. Մաշալեանի ձեռամբ ստացան Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ «Սուրբ Էջմիածին» պատուոյ բարձր շքանշանը եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կողմէ իրենց շնորհուած «Հայրապետական պարգեւագիր»ը։

Կը շնորհաւորենք երէց սերունդի մեր այս սիրելի դէմքերը, որոնք իրենց աւանդը բերին Մայր Տաճարի վերանորոգութեան ու «Ասլանեան» եւ «Երկանեան» մականունները ոսկեայ տառերով արձանագրեցին Մայր Աթոռի դարաւոր պատմութեան նորօրեայ էջերուն վրայ։

Ստորեւ կը հրատարակենք «Հայրապետական պարգեւագիր»ի պատճէնները՝ ուղղեալ բարերարներուն։

ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱԳԻՐ

Հայաստանեայց Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցու հանդէպ որդիական սիրոյ եւ Աստուածկառոյց Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի վերանորոգութեանն ի նպաստ կատարած առատաձեռն ազնիւ ընծայաբերութեան բարձր գնահատանքով մեծայարգ ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ԱՐԷՏ ԵՒ ՄՕՆԻՔ ԵՐԿԱՆԵԱՆներին շնորհում ենք Մայր Տաճարի վերաօծման պատուոյ մետայլ։

Հայրապետիս սրտաբուխ մաղթանքն է որ Ամենակալ Տէրը հանապազ զօրավիգ ու աջակից լինի Ձեզ եւ հաւատաւոր Ձեր ընտանիքին՝ պարգեւելով օրհնեալ ու արեւշատ կեանք եւ նորանոր ձեռքբերումներ։

Օրհնութեամբ՝

ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ

Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին

29 Սեպտեմբեր 2024

***

ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱԳԻՐ

Հայաստանեայց Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցու հանդէպ որդիական սիրոյ եւ Աստուածկառոյց Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի վերանորոգութեանն ի նպաստ կատարած առատաձեռն ազնիւ ընծայաբերութեան բարձր գնահատանքով մեծայարգ ՏԻԱՐ ՀԱՅԿ ԱՍԼԱՆԵԱՆին շնորհում ենք Մայր Տաճարի վերաօծման պատուոյ մետայլ։

Հայրապետիս սրտաբուխ մաղթանքն է որ Ամենակալ Տէրը հանապազ զօրավիգ ու աջակից լինի Ձեզ եւ հաւատաւոր Ձեր ընտանիքին՝ պարգեւելով օրհնեալ ու արեւշատ կեանք եւ նորանոր ձեռքբերումներ։

Օրհնութեամբ՝

ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ

Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին

29 Սեպտեմբեր 2024

https://www.normarmara.com/arsiv2024-2/041024lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın