Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութենէն եւ Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարի վերաօծումէն ետք, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 2 Հոկտեմբեր 2024, Չորեքշաբթի առաւօտ վերադարձաւ քաղաքս: Նորին Ամենապատուութեան վերադարձին առթիւ, 3 Հոկտեմբեր 2024, Հինգշաբթի, ժամը 15.00-ին, Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Հրաշափառ»ի արարողութիւն:
Այս հանդիսութիւնը կը տարբերէր նախորդներէն, քանի պիտի վերաբերուէր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի ձեռամբ օրհնուած Սրբալոյս Միւռոնը։
Ժամը 15.00-ին, կազմուեցաւ տօնական թափոր՝ շաթիրներով, խաչվառներով, բուրվառներով, քշոցներով եւ Աթոռոյս միաբան հայրերը, քահանայից դասը եւ սարկաւագներ ու ժառանգաւորներ Մայր Եկեղեցի առաջնորդեցին Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը: Թափորին մէջ էր նաեւ Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, որ կը վերաբերէր նորօրհնեալ Սրբալոյս Միւռոնի սրուակը:
Երգեցողութիւնները կատարուեցան Պատրիարքական Աթոռոյ Արմաշ Դպրաց Խումբին կողմէ, առաջնորդութեամբ Բրշ. Յարութիւն Էտվին Սրկ. Կալիպեանի: Արարողութեան ներկայ էին համայնքային եւ թաղային մարմիններու ներկայացուցիչներ, կրթական մշակներ, միութեանց վարչութիւններու անդամներ, մամլոյ ներկայացուցիչներ, մեր վարժարաններու սաներ եւ բարեպաշտ ժողովուրդը։
Նախ կատարուեցաւ Հրաշափառի արարողութիւնը:
Ապա Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ վեղարաւոր հայրեր սրբազան բեմ բարձրացան, ուր կատարուեցաւ ջրօրհնէք: Նորօրհնեալ Սրբալոյս Միւռոնով, սուրբերու մասունքներով, խաչով ու Աւետարանով օրհնուեցաւ ջուրը, որու մէջ մեր Հոգեւոր Պետը կաթեցուց նորօրհնեալ Սրբալոյս Միւռոնը:
Ապա Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը քարոզեց եւ իր պատգամին մէջ պատմեց Սրբալոյս Միւռոնի կարեւորութիւնը: Շեշտեց թէ՝ կան տարրեր, որոնք կը միացնեն Հայ ազգը ու եկեղեցին, ինչպիսիք են՝ հաւատքը, լեզուն եւ եկեղեցին: Նոյնպէս մեր միութեան կարեւորագոյն տարրերէն է Սրբալոյս Միւռոնը: «Մենք Սուրբ Միւռոնով եղբայրներ եւ քոյրեր ենք: Աստուած ոչ մէկ մանուկ առանց Միւռոնի չթողու» ըսաւ Պատրիարք Հայրը:
Ան անդրադարձաւ նաեւ Ս. Էջմիածնի կարեւորութեան, շեշտելով թէ ան առաջին Քրիստոնէական տաճարն է: «Մեր ազգը այն առաջին հաւաքականութիւնն է, որուն համար Քրիստոսի իջմամբ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի տեսիլքով, Ս. Տրդատ Թագաւորի ձեռնարկով շինուեցաւ աշխարհի առաջին տաճարը: Անոր համար կարեւոր է Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը»:
Մեր Հոգեւոր Պետը յիշեցուց նաեւ թէ Մայր Տաճարի հիմնական նորոգութիւնը կատարուեցաւ մեր ողջ ազգի նուիրատուութեամբ: Պոլսահայ երկու բարերարներ ալ օժանդակած են նոյն գործին եւ այս առթիւ Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ձեռամբ կատարուեցաւ շնորհաբաշխում: Շքանշաններ շնորհուեցան Հայկ Արսլանեանին եւ Արէտ Էրկանեանին:
Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ Տէրունական Աղօթքով եւ Նորին Ամենապատուութեան օրհնութեամբ:
Ապա հոգեւորականաց թափորը Պատրիարքարան առաջնորդեց մեր Հոգեւոր Պետը:
Եկեղեցական արարողութենէն ետք, Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան սրահին մէջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը կտրեց կարկանդակ մը, որուն վրայ նկարուած էր Միւռոնօրհնութեան եւ Մայր Տաճարի վերաօծման խորհրդանշան նկարը:
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad
İlk yorum yapan siz olun