İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՍՐԲԱԼՈՅՍ ՄԻՒՌՈՆԸ ԲԱՇԽՈՒԵՑԱՒ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, 30 Սեպտեմբեր 2024, Երկուշաբթի, միջօրէին, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Վեհարանին մէջ տեղի ունեցաւ նորօրհնեալ Սրբալոյս Միւռոնի բաշխման արարողութիւնը, որուն ներկայ էին Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, նուիրապետական Աթոռներու ներկայացուցիչները, թեմակալ առաջնորդ եպիսկոպոսներն ու վարդապետները:

Արարողութիւնը սկսաւ Տէրունական աղօթքով: Մայր Աթոռի դիւանապետ` Գերշ. Տ. Արշակ Արքեպս. Խաչատրեանը ողջունեց ներկաները ու շեշտեց Միւռոնօրհնէքի եւ Մայր Տաճարի վերաօծման պատճառած հոգեւոր մխիթարութիւնն ու խանդավառութիւնը:

Ապա Վեհափառ Հայրապետը Ս. Միւռոնի մասնաւոր սրուակները յանձնեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Երուսաղէմի Պատրիարքութեան ներկայացուցչներուն եւ թեմակալ առաջնորդներուն:

Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ ու պատգամով, որու ընթացքին Նորին Սրբութիւնը գոհութիւն յայտնելով Աստուծոյ Միւռոնօրհնութեան եւ Մայր Տաճարի վերաօծման արարողութեանց համար` ըսաւ․ «Ձեզի կը փոխանցենք նորօրհնեալ Ս. Միւռոնը, որպէսզի երկնային իր շնորհներով բաշխուի համայն հաւատացեալ մեր ժողովուրդին՝ պահպանելով հաւատքով ու յոյսով լի, ինչպէս նաեւ հաստատուն պահէ մեր Եկեղեցին եւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի ուխտին հաւատարմութեան մէջ»։

https://www.facebook.com/photo?fbid=834659228870644&set=pcb.834659622203938

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın