2024ին գրեթէ ամէն Երկուշաբթի գէշ լուրերով սկսանք նոր շաբթուան։ Որպէս համայնք, որպէս ժողովուրդ ապրեցանք տերեւաթափ մը, ապրելով բազմաթիւ կորուստներու ցաւը։
Այսօր կը բօթենք Գարակէօզեան Տան Խնամակալութեան Բ. Ատենապետ Եդեսիա Թըրթըրի մահը։ Գարակէօզեան Տան ընտանիքը Շաբաթ օր այս տխուր լուրը բաժնեց համայնքին հետ, հաղորդելով որ ան միջոցէ մը ի վեր դարմանումի տակ կը գտնուէր։
Եդեսիա Թըրթըր ծնած էր 1948ին։ Ուսում ստացած էր Վառվառեան ու Կեդրոնական վարժարաններու մէջ, յետոյ ընդունուած էր Եըլտըզ Թեքնիք համալսարան եւ հոնկէ վկայուած էր որպէս ելեկտրական ճարտարագէտ։
Երկար տարիներէ ի վեր համայնքային կեանքի գործօն անդամներէն մէկն էր, մաս կազմած էր զանազան յանձնախումբերու, մի՛շտ աշխատելով ի շահ համայնքին։
Կը բաժնենք ընտանիքի եւ մերձաւորներու, Գարակէօզեան Տան Խնամակալութեան վիշտը։
İlk yorum yapan siz olun