İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԿՈՒՍԱԿԱԼԸ ՅՈՒՆԱՑ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑ ԱՅՑԵԼԵՑ

Իսթանպուլի կուսակալ Տավուտ Կիւլ երէկ, 26 Սեպտեմբերին, պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ այցելեց Պալըքլըի Յունաց հիւանդանոց։ Մեր ընթերցողները կը յիշեն որ այս հիւանդանոցը երկու տարի առաջ Օգոստոսին հրոյ ճարակ դարձած էր եւ քանի մը մասնաբաժիններ դարձած էին անգործածելի։

Հրդեհէն ետք, յաջորդող երկու տարուայ ընթացքին պատմական շէնքը վերանորոգուեցաւ Իսթանպուլի կուսակալութեան, Զէյթինպուռնուի քաղաքապետարանի ու հիւանդանոցի հոգաբարձութեան համակարգուած ու մանրակրկիտ աշխատանքով։

Ներկայիս վերականգնողական աշխատանքը գրեթէ ամբողջութեամբ աւարտած է՝ ներառեալ արտաքին ճակատը եւ տանիքի ծածքի ստորին հատուածը։ Շէնքէն ներս, նորոգութեան աշխատանքներուն համահունչ կերպով կը կատարուի նաեւ ելեկտրական լարերու եւ մալուխներու տեղակայումը։

Ահաւասիկ կուսակալ Կիւլ, որուն կ’ընկերանային գաւառապետ, Տօքթ. Ատէմ Ուսլու, Ա-Գէ-Փէցի հայ երեսփոխան Տօքթ. Սեւան Սվաճըօղլու եւ Հոգաբարձութեան կազմը, տեղւոյն վրայ տեղեկութիւններ ստացաւ նորոգութեանց գծով վերջին զարգացումներու մասին։

Կը նախատեսուի մինչեւ տարեվերջ աւարտել նորոգութիւնը ու անհրաժեշտ կազմածները բերելէ ու տեղաւորելէ ետք, վերաբանալ հիւանդանոցը։

Կուսակալի այցելութեան մասին ամփոփ տեղեկութիւնները տեղ գտան տեղական մամուլի ու ընկերային ցանցերու մէջ։

https://www.normarmara.com/arsiv2024-2/270924lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın