Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մերձեցումներու պարագային կը նկատուի դրական տրամադրութիւն մը։
Նախագահ Էրտողան, որ ՄԱԿ-ի նոր նստաշրջանի բացման փուլի աշխատանքներուն մասնակցեցաւ, Նիւ Եորքի Թրքական տան երդիքին տակ զրոյց մը ունեցաւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ան մեկնաբանեց միջազգային օրակարգի խնդիրները, Անգարայի համաշխարհային կամ տարածաշրջանային խնդիրներու վերաբերեալ մօտեցումները, նաեւ անդրադարձաւ վերջին օրերուն ունեցած երկկողմանի շփումներուն։ Էրտողան այս ամբողջին մէջ անդրադարձաւ նաեւ Փաշինեանի հետ ունեցած տեսակցութեան։ Ան այս կապակցութեամբ լրագրողներու նկատառման յանձնեց հետեւեալը.
«Եթէ նայինք պրն. Փաշինեանի մօտեցումին, ապա ժխտական տրամադրութիւն մը աչքի չի զարներ։ Թուրքիայէն կը պահանջեն, որպէսզի ապահովէ Հայաստան-Ատրպէյճան հաշտութեան համաձայնութիւնը եւ ժամ առաջ որպէս հարեւաններ անդորրութեան մէջ ապրիլը։ Մենք ալ արդէն այս նոյն նպատակին հետամուտ ենք եւ համապատասխան ջանքեր կը գործադրենք։ Կը մաղթեմ, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ այս զարգացումներով առաջացուած խնդիրները մաս առ մաս կարգաւորեն, լուծենք եւ անոնց միջեւ առկայ դժուարութիւնները յաղթահարելով այլեւս ճանապարհ դուրս գանք։ Որովհետեւ, իրականութեան մէջ, երկու կողմերն ալ խաղաղութեան կը ձգտին։ Այս պահուն Ատրպէյճան նման սպասումի մը, ջանքի մը մէջ է։ Հայաստանի պարագային ալ այս բանը տեսանք։ Մենք համոզուած ենք, թէ ստեղծուելիք խաղաղութեան ու անդորրութեան կլիման բոլորին համար լաւագոյնը պիտի ըլլայ։ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութիւնը անոնց համար պիտի բանայ նաեւ նոր հնարաւորութիւններու եւ շահերու դռները։ Թուրքիա-Հայաստան բնականոնացման գործընթացն ալ այս խաղաղութեան գործընթացի դրական եզրափակումով նոյնպէս դրական ուղղութեամբ պիտի ազդուի»։
İlk yorum yapan siz olun