Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգ.-
27 Սեպտեմբերին, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին ժամանեց Կ. Պոլսի Հայոց Պատրիարք՝ Ամեն. Տ. Սահակ Արք. Մաշալեան։ Պատրիարք Հայրը իր մասնակցութիւնը կը բերէ Սրբալոյս Միւռոնի ու Մայր Տաճարի վերաօծման արարողութիւններուն։
Այս առիթով Մայր Աթոռ. Ս. Էջմիածնի միաբանները Կ. Պոլսոյ Պատրիարքն ու իրեն ընկերակից հոգեւորականները թափօրով առաջնորդեցին Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ-Ս. Վարդան մատուռ-մկրտարան, ուր կատարուեցաւ «Հրաշափառ»ի արարողութիւն մը։
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի լուսարարապետի պաշտօնակատար Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Կիրակոսեան, Մայր Աթոռի Միաբանութեան անունով ողջունեց Պատրիարք Հայրը ու բարի գալուստ մաղթեց։
Այնուհետեւ Հայոց Պատրիարքը, գոհութիւն վերառաքելով առ Աստուած՝ վերստին հայոց հոգեւոր կեդրոնի մէջ գտնուելու համար, իր օրհնութիւնն ու բարեմաղթութիւնները փոխանցեց Ս. Էջմիածնի միաբանութեան։
Ապա Վեհարանի մէջ տեղի ունեցաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ու Պոլսոյ Պատրիարքի առանձնազրոյցը։
İlk yorum yapan siz olun