Թուրքիոյ եւ Հայաստանի ղեկավարներուն միջեւ ուղիղ շփումներու աննախընթաց խտութիւնը ուշագրաւ դարձած է բոլոր անոնց տեսակէտէ, որոնք կը հետեւին Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին։ Այդ որոնումներով պայմանաւորուած համայնապատկերին վրայ իսկապէս անանտեսելի է նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յաճախակի ժամադրութիւններու հանգամանքը։ Անցնող աւելի քան երեք տասնամեակներուն՝ այսքան քիչ ժամանակի ընթացքին այսքան սերտօրէն երբեք չեն շփուած երկու երկիրներու առաջնորդները՝ թէ՛ հեռախօսազրոյցներու եւ թէ դէմ առ դէմ հանդիպումներու տեսակէտէ։
Թէ ինչքանո՞վ լաւատեսութիւն կրնայ առթել այս երեւոյթը, անշուշտ, կարելի չէ միանշանակ ընկալել։ Յամենայնդէպս, Էրտողան-Փաշինեան զրոյցին յաջորդած պաշտօնական հրապարակումներուն մէջ կայ ուշագրաւ կէտ մը։ Այսպէս, անոնք պատրաստակամութիւն յայտնած են յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին նոր ազդակներ հաղորդելու ուղղութեամբ։ Նկատի ունենալով, որ բնականոնացման գործընթացը կ՚ընթանայ շատ դանդաղ եւ նոյնիսկ յատուկ ներկայացուցիչներուն կողմէ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները գործնականօրէն կեանքի չեն կոչուիր՝ այս նոր ազդակներ հաղորդելու պատրաստակամութիւնը անանտեսելի կէտ մըն է, որ յառաջիկայ շրջանին կը յստականայ վստահաբար։ Արարողակարգային եւ խորհրդանշական տեսակէտէ Նիւ Եորքի այս հանդիպումը եղած է եզակի։ Առաջին անգամ Նիւ Եորքի Թրքական տան համալիրէն ներս զետեղուած է Հայաստանի եռագոյնը, ինչ որ հետաքրքրական հանգամանք մըն է։ Նիւ Եորքի Թրքական տունը կը գտնուի ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին ճիշդ դիմացը եւ կոթող մը կը համարուի՝ Թուրքիոյ միջազգային յարաբերութիւններու մէջ յաւակնութիւնները ցոլացնելու, մարմնաւորելու տեսակէտէ։ Ուրեմն այդ միջավայրին մէջ Հայաստանի եռագոյնին զետեղուած ըլլալը կրնայ համարուիլ խորհրդանշան մը, թէ Թուրքիոյ հեռանկարային հաշուարկներու մէջ տեղ ունի Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումը՝ մանաւանդ ցամաքային սահմանի բացման եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման տեսակէտէ։
Էրտողան-Փաշինեան հանդիպման յաջորդած հրապարակումներուն մէջ ուշագրաւ էր նաեւ այն հանգամանքը, որ Հայաստանի վարչապետը բացատրութիւններ տուած է «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծին շուրջ։ Գործնականօրէն, այսօր Հայաստանի կառավարութիւնը «Խաղաղութեան խաչմերուկ»ը կը հակադրէ՝ Ատրպէյճանի կողմէ այդքան յամառօրէն յառաջ տարուած եւ Ռուսաստանի կողմէ խրախուսուած «Զանգեզուրի միջանցք»ին, որուն դէմ կը կենայ Իրանը։ Տարածաշրջանային ուժերու այս յարաբերակցութեան մէջ Էրտողան-Փաշինեան զրոյցին յաջորդած հրապարակումները ա՛լ աւելի մեկնաբանութիւններու դուռ կը բանան։ Արդարեւ, Թուրքիա մինչեւ այսօր Ատրպէյճանը կը խրախուսէ անվերապահօրէն, ուստի «Զանգեզուրի միջանցք»ին հարցին վերաբերեալ խօսոյթն ալ տարբեր չէ։ Իսկ եթէ Փաշինեան Էրտողանի հետ զրուցելու ընթացքին յարմար դատած է «Խաղաղութեան խաչմերուկ»ին մասին խօսք բանալ ու մանաւանդ՝ այդ կապակցութեամբ ակնարկութիւն մըն ալ տեղ գտած է պաշտօնական հրապարակումներուն մէջ, ապա սա կը նշանակէ, թէ Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ այս խնդրին կապակցութեամբ փոխադարձ ըմբռնումի մը հասնելու հաւանականութիւնը գոյութիւն ունի կամ այլ խօսքով՝ համապատասխան ենթագետին մը ձեւաւորելու լաւատեսութիւնը ուրուագծուած է հորիզոնին վրայ։ Անշուշտ, կարելի չէ կանխատեսել, թէ իրադարձութիւնները ինչ շարունակութիւն կ՚ունենան՝ մանաւանդ, որ թէ՛ համաշխարհային եւ թէ տարածաշրջանային յարափոփոխ իրավիճակ մը խնդրոյ առարկայ է։
Այս բոլորէն վերջ, Նիւ Եորքի հանդիպումը մեկնաբանելու տեսակէտէ նախագահին եւ վարչապետին միջեւ փոխանակուած գրականութիւնն ալ հետաքրքրական ազդանշաններ կրնայ մատուցել։ Արդարեւ, անոնք երկու երկիրներու այժմու արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւններուն տեսակէտէ բանալիներ կը մատուցեն։
Էրտողան Փաշինեանին նուիրած է իր գիրքը, որ կը կոչուի «Աւելի արդար աշխարհ մը հնարաւոր է»։ Նախագահ Էրտողանի քաղաքական գործունէութեան ամբողջին մէջ արդարութեան հանգամանքը միշտ կարեւոր տեղ գտած է։ Էրտողանի հիմնած կուսակցութեան իսկ անուանումին մէջ գոյութիւն ունի «արդարութիւն» բառը։ Բաց աստի, ան տարիներէ ի վեր հետեւողականօրէն հետամուտ է, որպէսզի ՄԱԿ-ի կառոյցի դրուածքը փոխուի եւ այդ խօսոյթը կը հիմնաւորէ՝ աւելի արդար համակարգ մը ստեղծելու սպասումով։ Այսինքն, Էրտողան Թուրքիոյ համաշխարհային հարթութեան վերաբերեալ յաւակնութիւնները բանաձեւելու ժամանակ յաճախ արդարութեան յղացքին յղում կ՚ընէ. բան մը, որու տրամաբանական շարունակութիւնը կը համարուի նաեւ իր գիրքին անուանումը։ Այսինքն, Էրտողան Փաշինեանին նուիրած է գիրք մը, որու անունը արդէն Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան մէջ վերջին տարիներուն որդեգրուած կարգախօսներուն հետ ուղիղ համեմատութեան մէջ է։
Նոյնքան հետաքրքրական է նաեւ Փաշինեանին կողմէ Էրտողանին ներկայացուած՝ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծին ծանօթացման գրքոյկը կամ բացիկը։ Ինչպէս ըսինք, «Խաղաղութեան խաչմերուկ»ը Երեւանի կողմէ կը հակադրուի «Զանգեզուրի միջանցք»ի։ Հայաստանի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը քանիցս յայտարարած է, որ «Զանգեզուրի միջանցք»ի հարցը կը վերաբերի իր կարմիր գիծերուն՝ մանաւանդ, որ խնդիրներուն ծայրը կրնայ հասնիլ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան, ինքնիշխանութեան կամ իր տարածքով անցնելիք ճանապարհներու պարագային իրաւազօրութեան հարցերուն։ Ուստի, ջերմ հանդիպման մը մթնոլորտին մէջ «Խաղաղութեան խաչմերուկ»ի վերաբերեալ ծանօթացման բացիկի մը Փաշինեանին կողմէ Էրտողանին ներկայացուիլը ունի խորհրդանշական իմաստ մը։ Բնականաբար, երկու ղեկավարներու մակարդակով կազմակերպուած տեսակցութեան ընթացքին հազիւ թէ խօսակցութիւնները վերջնագրային ոճերով ծաւալուած ըլլան կամ կողմերը կարմիր գիծերու թոնով իրարու հետ արտայայտուած ըլլան, յամենայնդէպս, Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու գծով Հայաստանի ակնկալութիւններուն տեսակէտէ այս կէտը կը մատուցէ որոշ բանալիներ։
Ի լրումն այս բոլորին, հարկ է աւելցնել նաեւ, որ այս գրականութեան փոխանակման վերաբերեալ հրապարակուած դրուագները առաջին անգամ այսքան ժպտադէմ կը ցոլացնեն Էրտողանն ու Փաշինեանը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
İlk yorum yapan siz olun