İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀՐԱՒԷՐ ՄԵՐ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ԴԱՍՈՒՆ, ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԵՒ ԹԱՂԱՅԻՆ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐՈՒՆ

Այսու կը ծանուցանենք, թէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ 28 Սեպտեմբեր 2024, Շաբաթ, տեղի պիտի ունենայ Սրբալոյս Միւռոնի Օրհնութիւն, իսկ յաջորդ օր՝ 29 Սեպտեմբեր, Կիրակի, Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարի օծման եւ պաշտամունքի վերաբացման արարողութիւն։

Սոյն արարողութեանց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հօր կողքին կը մասնակցին Գերշ. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան, Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան, Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղ. Կարապետեան եւ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը 26 Սեպտեմբեր 2024, Հինգշաբթի, ժամը 23.30-ին, օդային ճամբով կը մեկնի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուղեկցութեամբ Գերշ. Տ. Արամ Ս. Արքեպիսկոպոսի, Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեանի եւ գաւազանակիր՝ Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղ. Կարապետեանի։

Այս առթիւ սիրով կը հրաւիրուին մեր Հոգեւորականաց Դասը, համայնքային եւ թաղային մարմինները 26 Սեպտեմբեր 2024, Հինգշաբթի, ժամը 16.00-ին Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, ողջերթ մաղթելու Նորին Ամենապատուութեան։

ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ

20 Սեպտեմբեր 2024

14738

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRHayBad 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın