İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԷՐՏՈՂԱՆ ՈՒ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՆ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ

Փաշինեան ներկայացուց «Հայկական խաչմերուկ» նախագիծը

Էրտողան ըսաւ որ Թուրքիա կ’աջակցի Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղ գործընթացին

….

Ինչպէս կ’ակնկալուէր, Հայաստանի Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ու Թուրքիոյ Հանրապետութեան Նախագահ Թայյիպ Էրտողան, ՄԱԿի գլխաւոր վեհաժողովի հարթակը գործածեցին երկկողմանի հանդիպում մը ունենալու համար։ Երկու առաջնորդներու հանդիպումը կայացաւ Նիւ Եորքի «Թրքական տան» մէջ։

Հրապարակուած լուսանկարները յայտնի դարձուցին որ Էրտողանի հետ միասին այս հանդիպման մասնակցեցան Արտաքին Գործոց Նախարար Հաքան իտան, ՄԻԹի տնօրէն Իպրահիմ Գալըն, նախագահականի հաղորդակցութեան բաժնի ղեկավար Ֆահրէտտին Ալթուն։

Նիկոլ Փաշինեանին կ’ընկերանային Արտաքին Գործոց Նախարար Արարատ Միրզոյեան, իր օգնականներէն Վահան Կոստանեան, Վարչապետի բանբեր Նազելի Պաղտասարեան։

Հանդիպումը փակ էր մամուլի համար։

Հանդիպման մասին պաշտօնական լրատուութիւնները այսպիսին են։ «Անատոլու» գործակալութիւնը գրեց որ քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները բնականոնացնելու, Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացները։ Այս գծով Էրտողան յայտարարեց որ Թուրքիա կ’աջակցի Ատրպէյճանի ու Հայաստանի միջեւ մնայուն խաղաղութեան ու կայունութեան, աւելցուց նաեւ թէ ջանքերը կը շարունակուին այդ ուղղութեամբ։

Միաժամանակ, Թուրքիոյ Նախագահը յայտարարեց որ զգալի յառաջընթաց մը արձանագրուած է Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւնները առանց նախապայմաններու բնականոնացնելու գործընթացին մէջ։ Դիտել տուաւ որ իր իշխանութիւնը անկեղծօրէն կ’աջակցի երկխօսութիւնը շարունակելու բանակցութիւններուն։

Հայկական լրատու աղբիւրները եւս հաղորդագրութիւններ հրապարակեցին։ Դիտել տրուեցաւ որ Վարչապետ Փաշինեան Նախագահ Էրտողանին տեղեկութիւններ փոխանցեց Հայաստան-Ատրպէյճան գործընթացի, առկայ իրավիճակի, յարաբերութիւնները բնականոնացնելուհամար խաղաղութեան պայմանագիրը ստորագրելու պատրաստակամութեան մասին։ Նախագահ Էրտողանին ներկայացուեցաւ նաեւ «Հայկական խաչմերուկ» նախագիծը։

Հանդիպման աւարտին Էրտողան Նիկոլ Փաշինեանին նուիրեց իր գրած «Կարելի է ունենալ աւելի արդար աշխարհ մը» գիրքը։

Միւս կողմէ, Էրտողան ՄԱԿի ամպիոնէն եւս անդրադարձաւ Հայաստան-Ատրպէյճան գործընթացին, յոյս յայտնելով որ աշխատանքը արդիւնք կուտայ ու կ’աւարտի լաւ լուրերով։ Նախագահը ըսաւ որ այն զարգացումները, որոնց կարելի է հասնիլ ատրպէյճանա-հայկական խաղաղ գործընթացի շնորհիւ, իրենց դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենան Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու վրայ։

https://www.facebook.com/photo/?fbid=445295655197187&set=pcb.445295721863847

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın