İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՔԱՂԴԷԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 23 Սեպտեմբեր 2024, Երկուշաբթի, ընդունեց Ստանպուլի Քաղդէական Եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը՝ Մոնս. Ֆրանսուա Եաքան Քորեպս.ը եւ Թէօման Էօնտէրը։

Անոնք եկած էին Նորին Ամենապատուութեան տեղեկութիւններ տալու Սղերթի Քաղդէական Մար Եաքուպ (Սուրբ Յակոբ) այժմ անշքացած վանքի վերականգնման աշխատանքներու մասին։

Մեր Հոգեւոր Պետը շնորհակալութիւն յայտնեց Քաղդէական Եկեղեցւոյ պատուիրակութեան սոյն այցելութեան եւ տեղեկութիւններուն համար ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց եկեղեցաշէն աշխատանքներուն համար, յիշեցնելով «Ողորմեա եկեղեցի շինողաց…» աղօթքը։

https://www.facebook.com/photo/?fbid=829794252690475&set=a.388050840198154

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın