İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՍՐԲԱԼՈՅՍ ՄԻՒՌՈՆԸ Կ՚ՕՐՀՆՈՒԻ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԸ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ԿԸ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒԻ

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կը պատրաստուի Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան եւ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի պաշտամունքի վերաբացման արարողութիւններուն, որոնք հոգեւոր ուրախութիւն կ՚առթեն հայորդեաց սրտերէն ներս։ Հաւատացեալ հոգիներ անհամբերութեամբ կը սպասեն այս հոգեպարար արարողութիւններուն, որոնք իրենց խորհրդաւոր զօրութեամբը համայն ազգը կը դարձնեն «միասիրտ եւ միախորհուրդ»։ Կը յիշենք Պօղոս առաքեալի թելադրութիւնը, ուղղեալ Փիլիպպէի հաւատացեալներուն. «…եթէ կայ Հոգիի հաղորդութիւն, եթէ կայ գթութիւն եւ ողորմութիւն, ուրեմն կատարեալ դարձուցէք իմ ուրախութիւնս. Նոյն բանը խորհեցէք, նոյն սէրն ունեցէք ձեր մէջ, եղէք միաշունչ, միախորհուրդ» (Փիլիպպեցիս, 2.1-2)։

Ծանօթ է, թէ Սրբալոյս Միւռոնի կաթսան իր շուրջը կը հաւաքէ ներկայ հաւատացեալները, որոնց կը միանան նաեւ բացականեր իրենց բարոյական ու հոգեւոր ներկայութեամբ եւ աղօթքի միութեամբ, յանձինս հոգեւոր առաջնորդներու։ Ի սփիւռս աշխարհի հաւատացեալներ իրենց աղօթանուէր կեցուածքով, իրարու աղօթակցութեամբ մէկ մարմնի եւ մէկ հոգւոյ կրնան վերածուիլ այն պահուն, երբ Սրբալոյս Միւռոնը պիտի օրհնուի։ Պէտք չէ մոռնալ, թէ Հոգեգալստեան սքանչելի ու հրաշալի դէպքը իրականացաւ այն ատեն, «երբ բոլոր առաքեալները, միասիրտ, եւ միատեղ էին, յարատեւօրէն կ՚աղօթէին»(Գործք Առաքելոց, 1.14, 2.1)։

Սրբալոյս Միւռոնը Սուրբ Հոգիի խորհրդաւոր ներկայութիւնն է։ Սրբալոյս Միւռոնի հեղումը հաւատացեալ հոգիներու համար կը նշանակէ Հոգեգալուստ։ Սրբալոյս Միւռոնի հեղումով Մկրտութեան Սուրբ Աւազանի ջուրը կը վերածուի Յորդանան Գետին։ Կը հաւատանք, թէ Սրբալոյս Միւռոնի հետ կ՚իջնէ Ամենասուրբ Հոգիին շնորհները, որոնք «կը զօրացնեն օծուողը առաքինի գործերու պատուիրանապահութեան մէջ»։ Դրոշմի խորհրդակատարութեան ընթացքին Սուրբ Աւազանին քաւութեամբը նորոգուածներուն համար կը խնդրուի, որ «Տէրը սուրբ ընէ զանոնք Իր ճշմարտութեամբը եւ Սուրբ Հոգիին շնորհներու լոյսովը, որպէսզի Աստուածութեան տաճար եւ բնակարան ըլլան եւ կարենան ընթանալ արդարութեան բոլոր ճամբաներէն»։

Հայ Եկեղեցւոյ աղօթանուէր վանականը՝ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին հանրածանօթ «Մատեան Ողբերգութեան» աղօթագիրքի քսանեւչորս հատուածներէ բաղկացեալ իննսունեւերրորդ գլուխը յատկացուցած է Սրբալոյս Միւռոնին։ Արմաշական մեծանուն հոգեւորական Երուսաղէմի Թորգոմ Պատրիարք Գուշակեանի թարգմանութեամբ կը կարդանք. «ինչպէս որ լուսաւոր Սուրբ Աւազանին մէջ մկրտուելով կը հաւատանք թէ մարմնի լուացումով հոգիի սրբացում կ՚ընդունինք, նոյնպէս նաեւ իւղով օծման ատեն կը պարարինք այն յոյսով, եւ աներկմտօրէն կը հաւատանք թէ կը զօրանայ մեր հոգին։…Այս լուսապարար եւ փրկաւէտ իւղը նախ մեր մարմինին արտաքին խորանը կ՚օծէ, եւ յետոյ իր աներեւոյթ զօրութիւնը ծածկաբար ներքին մարդուն մէջ ներգործելով ի նորոյ կը կենդանացնէ զայն» (Նարեկ, Բան ՂԳ., հտծ. Գ)։

Դարձեալ կը հաւատանք, թէ քահանայական, եպիսկոպոսական եւ կաթողիկոսական ձեռնադրութեանց ընթացքին, Սրբալոյս Միւռոնի օծմամբ Աստուծոյ Սուրբ Հոգին կ՚իջնէ ենթականերուն վրայ, նման Ահարոնի եւ որդիներուն, որոնք աստուածային հրամանին համաձայն օծուելով եւ օրհնուելով սրբուելէ յետոյ միայն ձեռնարկեցին քահանայական պաշտօնին (Ելից, 28.41)։ Սրբալոյս Միւռոնի օծմամբ վէմքարը կը վերածուի վրան Սուրբ Պատարագ մատուցուած Սուրբ Սեղանին, որուն նախօրինակն էր Յակոբ նահապետի օծելով կանգնած քարը (Ծննդոց, 28.18)։

Հայ Եկեղեցւոյ իրականութեան մէջ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւնը կը կատարուի հայրապետական աթոռներու գլխաւորութեամբ։ Հետեւաբար, Սրբալոյս Միւռոնի կաթսայի տեղադրումէն սկսեալ, մինչեւ միւռոնի պատրաստութեան եւ հուսկ՝ օրհնութեան արարողութիւնները ի զուր չէ, որ խանդավառութիւն կը ստեղծեն ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի Հայ համայնքներու կեանքերէն ներս։ Մանաւանդ այս խանդավառութիւնը իր գագաթնակէտին կը հասնի երբ կաթսային շուրջ կը տեսնուին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ նուիրապետական Աթոռներու ներկայութիւնը։

Օրհնեալ ձէթը եւ բուսական զանազան նիւթերէն պատրաստուած բալասանը կը խառնուին կաթսային մէջ։ Այս խառնուրդին կու գայ միանալ նախորդ Սրբալոյս Միւռոնէն մաս մը, որ կը խորհրդանշէ եկեղեցւոյ հայրապետներու օրհնութեանց անընդմէջ շարունակականութիւնը, հասած՝ դարերու ընդմէջէն։ Նաեւ Հայրապետական Աթոռներու օրհնած Սրբալոյս Միւռոնները կը միանան այս բոլորին, որպէս նշան Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ միութեան եւ գիրկընդխառնումի՝ մէկ եւ նոյն եկեղեցւոյ զաւակներուն։

Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան շնորհքը թող տարածուի Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ մէն մի անդամին վրայ։ Անսասան մնան մեր հաւատքի լուսաբեւեռ՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը եւ իր գլխաւորութեամբ՝ Հայ Եկեղեցւոյ նուիրապետական Աթոռները։

Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւնը մեր ժողովուրդի ցաւերուն, ցաւատանջ հոգիներուն, վիրաւորեալ եւ խոցուած սրտերուն թող դարման ըլլայ։ Սրբալոյս Միւռոնը իր օրհնաբեր լոյսովը թող լուսաւորէ մերազն ժողովուրդի սրտերն ու հոգիները, զօրացնէ իրենց հաւատքը, որպէսզի լաւագոյնս ըմբռնեն Աստուածային եւ երկնաւոր շնորհներուն կարեւորութիւնը։ Աստուած իմաստութիւն եւ կարողութիւն պարգեւէ բոլոր անոնց, որոնք կրօնականի կամ աշխարհականի հանգամանքներով, իրենց գտնուած դիրքերուն վրայ լծուած են մեր ժողովուրդը առաջնորդելու առաքելութեան։

Կը շարունակենք յիշելով Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին, որ ի խորոց սրտէ կը խնդրէ ըսելով. «Երկնատեղաց լոյսի պէս ձէթին օծումէն վերջը թող ալ անարատ մնամ. Իմ իւղուած այս բանական հիւսուածքիս մէջ ալ թող չմտնէ եւ հոն տեղ չբռնէ բնաւ մեղքին աղտը, ու չշաղախէ բնաւ հոգիիս կերպարանքը»։ Աղօթանուէր Սուրբ Վանականը կը շարունակէ իր աղօթքը, որ կը ներկայանայ որպէս բարեմաղթութեանց շղթայ. «Իրմով զինուածներու՝ թող անիկա լինի նշան յաղթութեան, որպէսզի չողողուին ջուրերէ, չայրին կրակէ, չցրտանան սառնութենէ, չշիջանին վնասակար հովերէ, չաղտոտին երազական պղծութենէ, պահպանուածները չարին չմատնեն, կեանքի գանձին մթերքը իրենց մահուան վայրկեանին յիմարաբար դուրս չնետեն, անպատսպար չմնան թեւերուդ օգնականութենէն, մեր մէջ էացած այս օծումը անմաքրութեամբ չմերկանան» (Նարեկ, Բան ՂԳ., հտծ. ԻԴ.)։

Որքան որ կարեւոր է Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան արարողութիւնը, նոյնքան կարեւոր է Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր անուան ընծայուած Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին այս տարի պաշտամունքի վերաբացումը, որուն անհամբերութեամբ կ՚ակնկալէր մերազն ժողովուրդը ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի։ Սուրբ Էջմիածինը Աստուծոյ Միածին Որդւոյն իջած եւ «ոսկեայ ուռով անդունդներու խորերը բաղխելով սանդարամետականներու գունդերը հալածած» վայրն է։ Երանաշնորհ Գարեգին Ա. Պատրիարքը Պոլսոյ «Ոսկի ուռը» խորագրեալ բանաստեղծութեանը մէջ կը գրէ.

«Կը զարնէ ուռը-ոսկի, կուց կուց կայծեր կ՚ոստոստեն
Հին պաշտանքի քարերէն՝ համբոյրն առած Հայ շուրթին,
Էջմիածինը կը յառնէ սանդարամետէն այն մթին…»։

Սուրբ Էջմիածինը դարերու ընդմէջէն հասած «Աստուածային անսպառելի շնորհներուն շտեմարանն» է։ Սուրբ Էջմիածինը պատմիչ Ագաթանգեղոսի բառերով «Աթոռ Աստուածակերտ, սքանչելի, հրեղէն», Հայ հաւատացեալի հաւատքի կեանքը լուսաւորող եւ ջերմացնող հրոյն հնոցն է։ Սուրբ Էջմիածինը Հայ հաւատացեալի հաւատքի լուսաբեւեռն է։ Պատմահայր Մովսէս Խորենացիի բառերով «Մեր լուսաւորութեան լուսաւոր վերակացուին» տեսիլքին մէջ յայտնուած սրբատեղին է, առաքելահաստատ Հայ Եկեղեցւոյ Մայր Տաճարը, որուն սիրովը կը բաբախեն սրտերն հայորդեաց։

Դարեր շարունակ Փրկչի Իջման Սուրբ Սեղանը եղած է այն սրբատեղին, ուր հայազն զաւակներ՝ արք եւ կանայք, ծերք եւ տղայք, երիտասարդք եւ կուսանք մերձենալով կը վերանորոգուին եւ կը զօրանան հոգեպէս, զգալով, թէ անցեալը երբ կը կապուի ներկային, ներկայն ալ կ՚առաջնորդէ դէպի առողջ ապագայ բարեխօսութեամբը մեր Հաւատքի Հօր Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի եւ Սուրբ Տրդատ թագաւորի։

Ուստի, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ կատարելի Մայր Տաճարի պաշտամունքի վերաբացման արարողութիւնը այս առումով կարեւորութիւն կը զգենու։ Անհամբեր է Հայ հաւատացեալը, որ վերանորոգութեան շրջանին ցաւ կը զգար զրկուած ըլլալով Իջման Սուրբ Սեղանին ուխտաւորաբար այցելելու շնորհէն եւ կը բաւարարուէր հաւատալով, թէ Մայր Տաճարի հիմերը միախառնուած են Աստուածային օրհնութեամբ եւ այդ օրհնութիւնը կ՚արտացոլար նաեւ տաճարի սուրբ որմերէն։

Պաշտամունքի վերաբացման արարողութեան զանգերու հոգեզուարճ ղօղանջը պիտի աւետեն ի լուր աշխարհի, թէ Մայր Տաճարի անյետաձգելի եւ յոյժ կարեւոր վերանորոգութեան աշխատանքները աւարտած են։ Խոնարհաբար շնորհակալութիւններ Ազգիս Վեհափառ Հայրապետին, որ հայրաբար մօտէն հետաքրքրուելով հսկեց տարուած իւրաքանչիւր աշխատանքին վրայ։ Շնորհակալութիւններ սոյն վերանորոգութեան աշխատանքի ծառայողներուն, ճարտարապետներուն, արուեստագէտներուն եւ գործաւորներուն։ Աստուած վարձահատոյց ըլլայ բոլորին։

Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան եւ Մայր Տաճարի պաշտամունքի վերաբացման արարողութիւնները առիթ ըլլայ բոլորիս, որպէսզի փառքը երգենք մեր Երկնաւոր Հօր, ուխտենք մնալ հաւատարիմ Քրիստոսաւանդ Աւետարանին, պահել հաւատքը վիրապային փորձանքներէն յաղթական դուրս եկած մեր Հաւատքի Հօր՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչին, որ «չարչարանօք իւր սուրբ մարմնոյն զազգս Հայոց կոչեաց ի նոյն»։

Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան ընթացքին կատարուած արարողութիւնը առիթ ընծայէ, որպէսզի «անով տոչորուինք, անով պարարուինք, անով լուսաւորուինք, անով արդարանանք, ազնուանանք», հաւատարիմ մնանք Ս. Մեսրոպի եւ Ս. Սահակի թողած աւանդին ու ուխտենք պահել զայն, առանց մոռնալու, թէ Աստուածային օրհնութեամբ հրաշալի պայմաններու մէջ կատարուած քրտնաթոր ու անթուլ աշխատանքներով Աստուած սկսաւ Հայերէն խօսիլ մեր ժողովուրդին հետ։ Մեր հաւատքի եւ բարոյական ու հոգեւոր արժէքները մերօրեայ հոսանքներու դէմ պաշտպանելու հարկադրանքին տակ մնալու պարագային չմոռնանք յիշել Սուրբ Ղեւոնդեանց քահանաներու եւ Վարդան զօրավարի գլխաւորած Աւարայրի հերոսական պայքարի վկաները եւ մանաւանդ Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր գլխաւորութեամբ սուրբերու փաղանգը։

Հետեւողութեամբ հոգելոյս Կարապետ Եպիսկոպոս Տէր-Մկրտիչեանի բառերուն, կ՚աղօթենք ըսելով. «Կանաչ Միւռոնի այն փոքրիկ կաթսան ակնթարթի մը մէջ մեծանայ անեզր, լայնատարած ծով մը դառնայ եւ ողողէ մերազն հաւատացեալներու օճախները, անխտիր ամէն տեղ սփռելով դրախտի բուրմունք, երկնային ամենառատ շնորհ, թէ՛ մեծատան եւ թէ աղքատի կեանքերէն ներս։ Հայ մանուկները, իրենց ճակատներուն դրոշմուած շնորհաբաշխ Սուրբ Միւռոնի իւրաքանչիւր կաթիլով դառնան լուսակէզ գառներ, ի մի համախմբուած Սուրբ Լուսաւորչի փարախին մէջ, առաջի Անմահ Գառինն Աստուծոյ»։

Աղօթենք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի համար. «Տէր Աստուած մեր, Հայաստանեայց բոլոր Եկեղեցեաց ծնող, դաստիարակ եւ կատարելագործող Մայր Աթոռը մինչեւ աշխարհի վախճանը պահէ անարատ, հաստատուն եւ անստուեր՝ ի պայծառազարդութիւն մեր եկեղեցիներու եւ անոնց սպասաւորներու, որոնք միշտ կը փառաւորեն ամենասուրբ անունդ յաւիտեանս յաւիտենից»։ Ամէն։

ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Սեպտեմբեր 2024, Գնալը կղզի

http://www.jamanak.com/content/եկեղեցական/24-09-2024-սրբալոյս-միւռոնը-կ՚օրհնուի-մայր-տաճարը-պաշտամունքի-կը-վերաբացուի

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın