Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 23 Սեպտեմբեր 2024, Երկուշաբթի, ընդունեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ քարոզիչ եւ հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղ. Կարապետեանի եւ ատենապետ Նուրհան Տավուլճեանի, ինչպէս նաեւ Կարգադիր Յանձնախումբի ատենապետ Անդրանիկ Քէօսէտաղի։
Այցելուներ յայտնեցին, թէ եկած են Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնն ու հովանաւորութիւնը խնդրելու Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ տարեկան տօնախմբութեան Ս. Պատարագին ու մատաղօրհնութեան եւ մեր Հոգեւոր Պետը հրաւիրելու սոյն հանդիսութեան։
Պատրիարք Հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց ի տես Սամաթիոյ մեր եկեղեցւոյ պայծառութեան համար եւ թաղի Սահակեան-Նունեան Վարժարանի ի նպաստ եղած ջանքերուն։ Մեր Հոգեւոր Պետը գնահատեց Թաղային Խորհուրդը եւ յարակից մարմինները, յաջողութիւն մաղթեց եկեղեցաշէն ու կրթանուէր բոլոր գործունէութեանց մէջ եւ ընդառաջելով եղած հրաւէրին խոստացաւ սիրով նախագահել թէ եկեղեցական եւ թէ աշխարհիկ հանդիսութեանց։
Նշենք, որ այս տարի երբ աւանդական Վարագայ Խաչի տօնը, որ կը համընկնի Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան եւ Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարի վերաօծման հանդիսութեանց, Սամաթիոյ տօնախմբութիւնը պիտի կատարուի յառաջիկայ 6 Հոկտեմբերին։
https://www.facebook.com/photo?fbid=829793756023858&set=a.388050840198154
İlk yorum yapan siz olun