Հաճոյքով կը տեղեկանանք թէ մեր գեղաձայն երգչուհիներէն Մարալ Այվազ-Չաղլըչուպուքճու շաբաթավերջին պիտի մեկնի Տիյարպաքըր եւ համերգ մը պիտի սարքէ Տիյարպաքըրի (հին անունով Տիգրանակերտ) Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ։ Համերգի կազմակերպիչն է «Քասէտ»ը (Կանանց մշակոյթի, արուեստի, գրականութեան Միութիւնը»։
Յիշեալ միութիւնը համերգի մասին իր ծանօթագրական ազդին մէջ դիտել կուտայ որ մշակութային համագործակցութեան, մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան եւ գոյատեւման ջանքերուն աջակցելու նպատակով կ’իրականացնեն «Ամէտ-ՍուրՖէսթ» անունով փառատօն մը։ Մարալի մասնակցութեամբ համերգը փառատօնի շրջագծով է. պիտի սարքուի 29 Սեպտեմբեր երեկոյեան ժամը 18.30ին։ Իրեն պիտի ընկերանան երաժիշտներ Արի Հերկել՝ կիթառ, Սեւան Ինեափան՝ քանոն, Էօզճան Կիւլ՝ տուտուկ եւ Սեւան Կարապետօղլու՝ տհոլ։
Բացի Մարալէն, այդ օր հանդէս պիտի գայ նաեւ քիւրտ երգչուհի Մըզկին Թուրան։
Յաջողութիւն կը մաղթենք մեր սիրելի Մարալին ու իրեն ընկերացող երաժիշտներուն։
İlk yorum yapan siz olun