İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՕՓԵՐԱՅԻՆ ԹԱՏՐՈՆՆ ՈՒ «ԼԱ ՍՔԱԼԱ»Ն ԿԸ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑԻՆ ԻՐԱՐՈՒ ՀԵՏ

Երէկ, 23 Սեպտեմբերին, մշակութային գետնի վրայ կարեւորի իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Երեւանի «Ալեքսանդր Սպենդիարեան» օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի եւ Միլանոյի «Լա Սքալա» թատրոնի կատարողական արուեստներու եւ արհեստներու ակադեմիոյ միջեւ ստորագրուեցաւ համագործակցութեան յուշագիր մը։

Փաստաթուղթը ստորագրեցին Օփերայի եւ պալէի թատրոնի տնօրէն Կարէն Դուրգարեան եւ «Լա Սքալա» թատրոնի տնօրէնուհի Լուիզա Վինչի։ Այսպէսով կողմերը պատրաստակամութիւն յայտնեցին նպաստելու երկու հաստատութիւններու կատարողական արուեստի զարգացման, թատրոններու միջեւ համագործակցութեան խթանման։

Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի փոխնախարար Դանիէլ Դանիէլեան գնահատանքով արտայայտուեցաւ այս նախաձեռնութեան մասին՝ մասնագիտական կրթութեան միջոցով կատարողական արուեստի որակի բարձրացման տեսանկիւնէն։

«Լա Սքալա»ի տնօրէնուհին իր խօսքին մէջ ընդգծեց համագործակցութեան յուշագրին մէջ ներառնուած կէտերը, ուր ուշադրութիւնը կը կեդրոնանայ ոչ միայն երգիչներու եւ կատարողներու, այլ նաեւ բեմական աշխատանքին առնչակից այլ մասնագէտներու վրայ։ 

https://www.facebook.com/photo?fbid=444546388605447&set=a.135021036224652

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın