Իսթանպուլի կուսակալ Տաւուտ Կիւլ երէկ հիւրընկալեց Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեանը։ Այս վերջինը քաղաքիս մէջ առաքելութեան ձեռնարկելէ վերջ առաջին անգամ այցելեց նահանգապետարան։
Կուսակալութեան պաշտօնական աղբիւրները եւս արձագանգ հանդիսացան այս զրոյցին, որու բովանդակութեան մասին որեւէ մանրամասնութիւն չէ հրապարակուած։ Տաւուտ Կիւլի եւ Նաիրի Պետրոսեանի հանդիպումը ունեցած է արարողակարգային, քաղաքավարական բնոյթ։ Հանդիպման աւարտին տեղի ունեցած է նաեւ յուշանուէրներու փոխանակում։
İlk yorum yapan siz olun