İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՐԷՏ ԵՐԿԱՆԵԱՆԻ «ՆՈՒՐՍԱՆ» ՄԱԼՈՒԽԻ ԱՐՏԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱՌԱՋՆԱԿԱՐԳ ԴԻՐՔԵՐՈՒ ՎՐԱՅ

Ուրախութեամբ կը տեղեկանանք որ ազգային բարերար Արէտ Երկանեանին պատկանող ճարտարարուեստական արտադրութիւններու ընկերութիւնները միշտ առաջնակարգ դիրքերու վրայ կը մնան Թուրքիոյ գործարար շրջանակներուն մէջ։

Արդարեւ, հրապարակուեցաւ Թուրքիոյ առաջնակարգ ճարտարարուեստի խոշորագոյն 500 ընկերութիւններու ցանկը, որուն մէջ կը գտնուի Արէտ Երկանեանին պատկանող «Նուրսան» մալուխի արտադրութեան ընկերութիւնը։ Գործարանը կը բանի Քիւթահիոյ Թաւշանլը շրջանին մէջ եւ մաս կը կազմէ «Նուրսանլար» հոլտինկի ընկերութիւններուն։ «Նուրսան» ընկերութիւնը 212րդ դիրքը գրաւած է իր արտադրողականութեան տարողութեան եւ կարեւոր ձեռքբերումներու շնորհիւ։ Միայն այս գործարանը ունի աւելի քան 5000 աշխատակից, ինչ որ կը նշանակէ որ հազարաւոր ընտանիքներ իրենց ապրուստը կը վաստկին «Նուրսան»ի շնորհիւ։

Յիշեցնենք որ Արէտ Երկանեան «Նուրսանլար» հոլտինկի հիմնադիրներէն է, նաեւ գլխաւոր բաժնետէրերէն մէկը։ Այս հոլտինկը մեծ համարում ունի երկրի գործարար աշխարհէն ներս եւ յարգանք կը վայելէ Թուրքիոյ ճարտարարուեստի արտադրութեան բերած իր կարեւոր նպաստով։ 

Կը շնորհաւորենք Արէտ Երկանեանն ու Երկանեան ընտանիքը, որոնց յաջողութիւնները պատուաբեր են նաեւ մեր համայնքային ապրումներու տեսանկիւնէն։

https://www.normarmara.com/arsiv2024-2/240924lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın