Տխուր էջեր ունեցան 2024ի Մարմարա-ի թիւերը եւ այսօր եւս մահուան գոյժ մը կը հաղորդենք մեր ընթերցողներուն։ Իր մահկանացուն կնքեց համայնքային բարերարուհի Տիկին Սելմա Իսքէնտէրէօզ, որ մինչեւ վերջին տասնամեակը, միշտ կը մասնակցէր համայնքային որեւէ միջոցառման, մեծ ծառայութիւն մատուցած էր պոլսահայութեան, իր ամուսնոյն հետ միասին իրագործելով բազմաթիւ ծրագիրներ, կատարելով բարերարութիւններ եւ աջակցելով բոլոր այն նախաձեռնութիւններուն, որոնք կը նպաստէին հայ լեզուի ու հայ մշակոյթի տարածման։ Համայնքին մէջ շատեր կը յիշեն Տիկին Սելմայի գործունէութիւնը որպէս բարերարուհի, մշակութային ձեռնարկներու կազմակերպիչ կամ Պատրիարքարանի Տիկնանց Յանձնախումբի ատենապետուհի։
Տիկին Սելմա Իսքէնտէրէօզ իր հոգին աւանդեց երէկ, 19ի Սեպտեմբերի գիշերուայ ժամերուն Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի խտացեալ բաժնին մէջ։
Նորոգ հանգուցեալը յատկապէս ամուսնոյն՝ Պերճ Իսքէնտէրէօզի մահէն ետք, սկսաւ մեկուսի կեանք մը վարել, կապ պահելով միայն խիստ մօտիկ շրջանակներու հետ։ Տարիքի բերմամբ բերած անհանգստութիւնները պարբերաբար գլուխ բարձրացուցին, ամրան եղանակին Տիկին Սելմա դարմանումի շրջան մը անցուց Ս. Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոցի մէջ եւ տուն վերադարձաւ։ Սեպտեմբերի սկզբին դարձեալ անհանգստացաւ ու տեղափոխուեցաւ Ս. Փրկիչ, վերջին երկու շաբաթները անցընելով խտացեալ դարմանումի տակ. երէկ գիշեր ան կնքեց իր մահկանացուն։
Յուղարկաւորութեան վայրն ու թուականը պիտի հաղորդուի անջատաբար։ Կը ցաւակցինք իր մտերիմներուն։
İlk yorum yapan siz olun