Համաշխարհային հայկական 2րդ համաժողովը հրապարակային քննարկումներու ճամբով լաւ հարթակ մը դարձած է նպատակ ունենալով ապահովել սփիւռքի ներգրաւումը Հայաստանի օրակարգային հարցերուն, ինչպէս նաեւ ծառայել իբրեւ ռազմավարական քննարկումներու, համերաշխութեան, փոխըմբռնման եւ լուծումներու կամուրջ։
Համաժողովի աշխատանքային օրերը կը ներառնեն առանցքային կարեւոր ուղղութիւնները. անվտանգութիւն, կայուն զարգացում, համայնքներու հզօրացում եւ հայրենադարձութիւն, որոնք կը ներկայացուին իրենց ենթաշերտերով տարաբնոյթ ձեւաչափերու շրջանակին մէջ։
Համաժողովը ծրագրած էր 6 առանձին քննարկում, 22 միաժամանակեայ նիստ, կլոր-սեղանի քննարկում, աշխատաժողով, 3 տարբեր բնաբանով ցուցահանդէս եւ մշակութային միջոցառումներ։ Ընդհանուր առմամբ, ներգրաւուած է 180 բանախօս եւ ժողովավար 25 երկրէ։
18 եւ 19 Սեպտեմբերին տեղի ունեցան շահեկան բազմաթիւ աշխատաժողովներ։ Համաժողովի մասնակիցները առիթն ունեցան մասնակցելու քննարկումներուն, ունկնդրելու բանախօսները, հարցումներ ուղղելու զիրենք յուզող հարցերու շուրջ։
Կարեւորութեամբ պէտք է շեշտենք որ համաժողովին մէջ առանցքայինը «մարդ»ն է, այլ ոչ թէ շրջանակներ, կուսակցութիւններ, ինչ ինչ կազմակերպութիւններ։
Սփիւռքի գործերով գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը այս անգամ աւելի գործնական ուղղութիւններ ընտրած էր հրապարակային քննարկումներու համար։ Այսպէս երէկ, 19 Սեպտեմբերին, մասնակիցները, ըստ իրենց նախընտրած ուղղութիւններուն, մասնակցեցան հետեւեալ նիստերուն.
– «Հայաստանի մէջ ձեռներէցութեան, բարեգործութեան եւ կամաւորութեան կարելիութիւններն ու հեռանկարները» խորագրով քննարկում,
– «Հայկական զարգացող մշակոյթը Հայաստանի ու աշխարհի մէջ» կարգախօսով հրապարակային նիստ, որուն կը մասնակցէր պոլսահայ երգչուհի Սիպիլ (Այս մասին կարդալ անջատ սիւնակներուն մէջ),
– «Սփիւռքի եւ Հայաստանի համագործակցութիւնը կրթութեան ու գիտութեան բնագաւառներու մէջ» կլոր սեղան-քննարկում,
– «Հայրենիքի մէջ փոփոխութիւններ բերող անհատներու դերը» հրապարակային ասուլիս,
– «Ժամանակակից Հայաստանի հեռանկարները. կրթութիւն, առողջապահութիւն, ընկերային ապահովութիւն» նիստ, ուր բանախօսները Նախարարներ էին,
– «Ներդրումներ հայրենիքի մէջ. առանցքային ոլորտներն ու սփիւռքի մասնակցութեան կարելիութիւնները» խորագրով քննարկում,
– «Սփիւռքը նոր շուկաներու կամուրջ. հայկական արտադրութեան արտածման հեռանկարները» նիստ,
– «Փոքր եւ միջին գործարարութիւնը Հայաստանի մէջ. փորձի ներկայացում» հրապարակային քննարկում,
– «Հայկական տեղեկատուական թեքնիքագիտութեան ներոյժը ու արհեստական բանականութեան զարգացման հեռանկարները» կարգախօսով քննարկում,
– «Հայաստանի զբօսաշրջային գրաւչութիւնը աշխարհի մէջ» քննարկում,
– Հայկական արտադրութեամբ ցուցահանդէս։
Համաժողովի երկրորդ օրը աւարտին հասաւ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի հինգ տարուայ գործունէութեան նուիրուած միջոցառումով։ Զարեհ Սինանեան ներկայացուց գրասենեակի աշխատանքը եւ ձեռքբերումները, կարեւորութեամբ շեշտեց Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան շարունակական զարգացումը եւ առողջ երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը։ Ելոյթներով հանդէս եկան այն կազմակերպութիւնները, որոնք օգտուած են գրասենեակի ծրագիրներէն։
Համաժողովը այսօր կը հասնի իր աւարտին։
Դիտել տանք նաեւ որ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր գրասենեակը Դիմատետր-ի իր էջին վրայ ամենայն մանրամասնութեամբ կը ներկայացնէ բոլոր քննարկումները, լուսանկարներով ու եռալեզու տեղեկատուութեամբ (հայերէն, անգլերէն եւ ռուսերէն)։
İlk yorum yapan siz olun