Մեր միւս սիւնակներու մէջ ընդարձակ լրատուութիւն մը ունինք Համաշխարհային հայկական 2րդ համաժողովի երէկուայ քննարկումներու մասին։ Անոնցմէ մէկը «Հայկական զարգացող մշակոյթը՝ Հայաստանի ու աշխարհի մէջ» խորագրով նիստն էր։ Բանախօսներուն միջեւ կը գտնուէր պոլսահայ սիրուած երգչուհի Սիպիլ։ Այս հրապարակային նիստի համակարգողն էր դերասանուհի Մարիամ Յովհաննիսեան, բանախօսները՝ «Լատանիվա» երաժշտական խումբի անդամ Ժագլին Պաղտասարեան, արտադրիչ, «Աւա ֆիլմս» ընկերութեան գործադիր տնօրէն Անի Որսկանեան, գանատահայ խմբավար Լորի Անտունեան, Փարաճանովի թանգարանի տնօրէն Անահիտ Միքայէլեան, պոլսահայ երգչուհի, «Սիպիլ լա ռէյն» հայկական զարդերու ապրանքանիշի համահիմնադիր Սիպիլ։
Սիպիլ իր խօսքին մէջ դիտել տուաւ որ այս համաժողովը Սփիւռքի մէջ հայկական մշակոյթի զարգացման ուղիներ գտելու լաւագոյն հարթակն է, այն տեղը, ուր աշխարհի ամէն անկիւնէն հայեր կրնան մէկ սեղանի շուրջ համախմբուիլ, հարցումներ ուղղել, խորհուրդներ լսել՝ Հայաստանն ու Սփիւռքը հզօրացնելու համար։ Սիպիլ շեշտեց որ ուր ալ որ ծնած ըլլանք, միեւնոյն է, բոլորս ալ հայ ենք։ «Ես քաղաքականութեան հետ գործ չունիմ։ Ես արուեստի մարդ եմ, սփիւռքի երգչուհի, բայց միեւնոյն է քաղաքականութիւնը, ամէն տեղ է։ Բնականաբար, խօսելով, մէկզմէկ հասկնալով կը գիտակցինք որ պէտք ունինք համախմբումի։ Մեր սիրտը հայրենի երկրի համար միշտ նոյն ձեւով կը բաբախի։ Այսօր, առաւել քան երբեք, կարեւոր է այս միասնականութիւնն ու համագործակցութիւնը», նշեց Սիպիլ, ներկայացնելով նաեւ իր արուեստի եւ նպատակներու ճամբան։
İlk yorum yapan siz olun