Քանի մը ամիս առաջ հաղորդած էինք որ ԹՈՒՄՕ կեդրոնի հիմնադիր Սեմ Սիմոնեան ընտրուած է Բարեգործականի նախագահ եւ յառաջիկայ ամիս իր պաշտօնը պիտի ստանձնէ։ Ան արժանի նկատուած է նաեւ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի «համաշխարհային կրթական գերազանցութեան» մրցանակին եւ 20 Հոկտեմբերին այդ մրցանակը պիտի ստանայ հանդիսաւոր պայմաններու տակ։
Հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի որ Հայ Դատի տարեկան ձեռնարկի ընթացքին Սեմ Սիմոնեանին պիտի յանձնուի մրցանակը։
«Կը փափաքիմ տեսնել խաղաղ, ուրախ, զօրաւոր եւ ճարտարագիտականօրէն գերազանց Հայաստան մը եւ կրթութիւնը այդ նպատակին հասնելու միակ միջոցն է», առիթով մը ըսած է Սիմոնեան՝ ինչ որ բիւրեղացումն է Հայաստանի եւ Սփիւռքի համար անոր ունեցած տեսլականներուն։
Թումօ ստեղծարար ճարտարագիտութիւններու կեդրոնը, որ Տէր եւ տիկին Սեմ եւ Սիլվա Սիմոնեաններու մտայղացումը կը հանդիսանայ, ճամբայ ելած էր Երեւանէն, 2011ին։ Աւելի ուշ կեդրոններ բացուեցան Դիլիջանի, Կիւմրիի, Ստեփանակերտի եւ Կողբի մէջ, իսկ բազմաթիւի շարժական կեդրոններ հաստատուած են Հայաստանի տարածքին։
Հայաստանէն ընթացք առած Թումօ-ն արդէն կը գործէ Փարիզի, Լիոնի, Պերլինի, Մանհէյմի, Ցիւրիխի, Քոյիմպրայի, Քիյեւի, Թիրանայի եւ Պէյրութի մէջ։ Կեդրոներ պիտի բացուին նաեւ Ամսթերտամի, Ճափոնի, Լոս Անճելըսի եւ այլ քաղաքներու մէջ:
İlk yorum yapan siz olun