İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՄԲ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ԱՄԵՐԻԿԱ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դիւանը կը հաղորդէ որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հովուապետական այցելութեամբ կը մեկնի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան հայոց թեմ։ Այս այցելութիւնը կը ներառէ Պոսթընի, Շիքակոյի, Տիթրոյթի, Փրովինսի եւ այլ շրջաններու հայկական համայնքները։ Անցեալ տարի (2023) Արամ Ա. Հայրապետը այցելած էր նոյն թեմին այլ շրջանները։

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ այցելութենէն առաջ, Նորին Սուրբ Օծութիւնը կը մեկնի Զուիցերիա՝ կարճ շրջանի մը համար։

Հովուապետական այցելութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետին կ’ընկերանան Կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական Բաժանմունքի տնօրէն Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան եւ Կաթողիկոսարանի Միջին Արեւելքի միջ-եկեղեցական եւ քրիստոնեայ-իսլամ բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան։

Նորին Սուրբ Օծութեան հովուապետական այցելութիւնը պիտի տեւէ շուրջ մէկ ամիս։

https://www.normarmara.com/arsiv2024-2/190924lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın