Երէկ առտու, Հռոմէն Լիբանան փոխադրուեցաւ 20րդ դարու յայտնի հոգեւորական, Հռոմի կաթոլիկ եկեղեցւոյ հայազգի գործիչ, կարտինալ, հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կաթողիկոս-պատրիարք Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի մարմինը։ Կարտինալի անփուտ մարմինը Հռոմի Սուրբ Նիկողայոս Հայ կաթողիկէ եկեղեցիէն նախ տարուեցաւ Հռոմի Ֆիումիչինօ օդակայան։ Հոն աճիւնները դիմաւորուեցան Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքին կողմէ որ այս առիթով յատկապէս Հռոմ գացած էր, ընկերանալու համար երջանկայիշատակ Ծիրանաւորի աճիւններուն՝ մինչեւ Պէյրութի Ռաֆիք Հարիրի օդակայան, ուր դիմաւորումը կատարուեցաւ Լիբանանի Վարչապետ Նաժիպ Միքաթիի ներկայութեամբ։
12 Սեպտեմբեր 2024-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Պէյրութի Նահատակաց հրապարակը ականատես դարձաւ կարտինալ Աղաճանեանի աճիւններուն հանդիսաւոր ընդունելութեան արարողութեան, որ համախմբեց Լիբանանի բոլոր համայնքները։
Ականատեսներու վկայութեամբ, վախճանումէն 53 տարի յետոյ կարտինալի մարմինը մնացած է նոյն վիճակի մէջ, անփուտ, բան մը որ կարեւոր նախադրեալ է երանացման ու սրբադասման համար։
Ստորեւ կը հրատարակենք Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի լրատուութիւնը երէկուայ արարողութեանց մասին։
Կարտինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան կաթողիկոս պատրիարքին մարմինը երէկ կէսօրէ ետք 53 տարի Հռոմ մնալէ ետք հասաւ Պէյրութի օդակայան, ուր արժանացաւ պաշտօնական ընդունելութեան։
Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին վրայ երէկ երեկոյեան ժամը 19.00-ին տեղի ունեցաւ կարտինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի անփուտ մարմինի հանդիսաւոր ընդունելութեան արարողութիւնը՝ նախագահութեամբ Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքին եւ մասնակցութեամբ պետական, կրօնական, քաղաքական եւ հասարակական գործիչներու ու Լիբանանի բոլոր համայնքներու ներկայացուցիչներու։
Ժողովրդային հանդիսաւոր ընդունելութեան ընթացքին խօսք առին Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս-պատրիարք, մարոնի համայնքի պատրիարք կարտինալ Պշարա Ռայի, վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի եւ Պէյրութի հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գրիգոր եպս. Պատիշահ։
Լիբանանեան ազգային եւ հայկական հոգեւոր երաժշտութիւններով հանդէս եկաւ լիբանանեան բանակի նուագախումբը։
Հանդիսաւոր արարողութեան աւարտին կարտինալ Աղաճանեանի անփուտ մարմինը թափօրով տեղափոխուեցաւ եւ ամփոփուեցաւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ-Սուրբ Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ գտնուող նորակառոյց շիրիմին մէջ։
***
Դիտել տանք որ կարտինալ Աղաճանեանի երանացման եւ սրբադասման դատի հանդիսաւոր բացումը կատարուած էր 28 Հոկտեմբեր 2022-ին, իսկ 23 Փետրուար 2024-ին աւարտած էր անփուտ մարմինի կանոնական հետազօտութիւնը եւ վաւերականութիւնը։
Կարտինալ Գրիգոս Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան վախճանեցաւ 16 մայիս 1971-ին, Հռոմի մէջ։ Յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ 21 Մայիս 1971-ին, Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ։ Մարմինը ամփոփուեցաւ Սուրբ Նիկողայոս Տոլենտինացի հայկական եկեղեցւոյ մէջ։
Հռոմի թեմին համար պապական ընդհանուր փոխանորդ կարտինալ Անճելօ Տէ Տոնատիսի 4 Փետրուար 2020-ին հրապարակած հռչակագիրով 4 Փետրուար 2020-ին սկիզբ առաւ Աստուծոյ Ծառայ կարտինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի երանացման եւ սրբադասման դատին ուսումնասիրութիւնը։
Կարտինալ Աղաճանեանի սրբադասման դատին հանդիսաւոր բացումը կատարուեցաւ 28 հոկտեմբեր 2022-ին, Հռոմի Լատերանի քահանայապետական Սուրբ Յովհաննէս տաճարին մէջ։
İlk yorum yapan siz olun