İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԵՐԳՉՈՒՀԻ ԳԱՐԻՆ ՊՕԶՔՈՒՐԹ ՊԻՏԻ ԵՐԳԷ ՍԱՐԸՅԷՐԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԻՏԱԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՈՅ ՄԷՋ

Սիրուած օփերային երգչուհի, Տօքթ. Գարին Պօզքուրթ 17 Սեպտեմբեր Երեքշաբթի գիշեր հանդէս պիտի գայ Սարըյէրի Ս. Աստուածածին իտալական եկեղեցւոյ մէջ (հասցէ Ազաթլը փողոց, թիւ 1, Պիւյիւքտէրէ թաղ)։

Հարիւր տարի առաջ, անձամբ Աթաթիւրքի արտօնութեամբ, ջրային օդանաւերու ճամբորդութիւն սկսած էր Պիւյիւքտէրէէն դէպի Իտալիա։ Առաջին նաւարկութիւնը իրականացած էր 17 Սեպտեմբեր 1924ին, իտալական «Աէրօ էսփրեսսօ» ընկերութեան կողմէ, Պիւյիւքտէրէ-Աթէնք-Պրինտիսի-Հռոդոս ուղեգծով։

Հարիւրերորդ տարեդարձի առիթով, Սարըյերէի քաղաքապետութիւնը իտալական վերոյիշեալ եկեղեցւոյ մէջ կը կազմակերպէ խաղաղութեան, բարեկամութեան ու եղբայրութեան ձեռնարկ մը։ Ահաւասիկ այդ միջոցառման ընթացքին հանդէս պիտի գայ Գարին Պօզքուրթ, 12 երգերէ բաղկացեալ յայտագրով մը։ Երգեհոնով իրեն պիտի նուագակցի դաշնակահար Աննա Գէորգեան-Ուղուրլուօղլու։ Մուտքը հրաւիրատոմսով է։

Միջոցառման յայտագիրը հետեւեալն է.

Միջոցառման յայտագիրը հետեւեալն է.

Ժամը 19.00ին քոքթէյլ։

Ժամը 19.30ին իտալական «Աէրօ Էսփրեսսօ» ընկերութեան ջրային օդանաւերու արշաւներու պատմականի ներկայացում։

Ժամը 19.45ին իտալացի նկարիչներ Ճուզէփփէ Քարթայի ու Փասքալէ Սարուլլոյի կտաւներու ցուցահանդէս։

Ժամը 20.00ին համերգ՝ Գարին Պօզքուրթ եւ Աննա Գէորգեան-Ուղուրլուօղլու։

Յաջողութիւն կը մաղթենք։

https://www.normarmara.com/arsiv2024-2/100924lu.html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın