İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱԿԱՍ

– Թրքահայ համայնքէն ներս բոլոր բնագաւառներու պարագային զգալի են վարչական տագնապները։ Այս պայմաններուն ներքեւ կարելի՞ է, որ կրթութեան ոլորտը զերծ ըլլայ ճգնաժամէ։

– Մեր հաւաքական կեանքի մարտահրաւէրները կը դասաւորուին տնտեսական եւ կրթական առանցքներուն շուրջ։ Կանխաւ նշենք՝ կրթականի պարագային որոշ միջինէ մը վեր ենք, հակառակ ամէն ինչին։ Ընդհանուր առմամբ, հետեւողականութեան պակասէ ու ծանր հետեւանքներէն կը տառապինք։ Թէեւ մենք ունինք լաւ կրթական մշակներ, սակայն, չենք յաջողիր շարունակականութիւնը ապահովել, ինչ որ պատճառ կը դառնայ ձեռքբերումներու երկարաժամկէտ փոշիացման։ Այսպէսով, տնտեսական գործօններով պայմանաւորուած ընդհանուր վարչական տագնապը կը կլանէ նաեւ կրթական ոլորտը։ Որպէս օրինակ՝ յիշենք, որ մօտաւոր անցեալին բովանդակ Թուրքիոյ յաջողագոյններու 550-րդը հասած էր Էսաեանէն, սակայն, այդ կէտէն վերջ այնպիսի իրադարձութիւններ տեղի ունեցան, որ վարժարանը չկարողացաւ անգամ մըն ալ լիարժէք վերականգնուիլ։ Կ՚ուզեմ յաջողութիւն մաղթել այժմու տնօրէնուհիին եւ հիմնադրի ներկայացուցիչին, որոնք մեծ ջանքեր կը գործադրեն։

Նկատելի է, որ վարչայինները հաստատութենական (էնսթիթիւսիոնէլ) ընկալում մը չունին։ Եթէ արհեստավարժ հաստատութենական մօտեցում մը ըլլայ, ապա թերութիւնները կ՚ուղղուին, իսկ լաւ կողմերը աւելի կը կատարելագործուին։ Միթէ այդպէ՞ս է մեր իրականութեան մէջ, ուր վարչական խորհուրդի կամ մատակարար մարմնի ընտրութենէն վերջ դպրոցի տնօրէն կը փոխուի։ Վերջին հաշուով, դպրոց մը յստակ բանաձեւած պէտք է ըլլայ իր տեսլականն ու առաքելութիւնը։ Առկայ տագնապները ծնունդ կ՚առնեն ամուր հաստատութենական համակարգի բացակայութենէն ու պատճառ կը դառնան մեր կառոյցներու ահաւոր մաշեցման։ Մեր դպրոցները ինչպէ՞ս կրնան մրցունակ մնալ այս պայմաններուն ներքեւ։ Այլեւս պարզ է, որ այժմու ձեւերով կարելի չէ շարունակել։ Համախումբ ջանքեր պէտք է գործադրել՝ ներառելով նաեւ ծնողները։ Կրթութիւնը թէեւ մասնագիտական գործ մըն է, սակայն, մասնաւոր հատուածին նոր մտայնութիւնը այդ գործընթացին ներգրաւած է նաեւ ծնողները։ Հետեւաբար, անոնց նկատմամբ ալ յատուկ վերաբերմունք մը պէտք է ունենալ։ Մենք պարտաւոր ենք անդրդուելի մնալ այն համոզման մէջ, թէ կարելի է շահիլ իւրաքանչիւր աշակերտը։

Մենք առկայ վիճակին մէջ չենք կրնար յստակ պատասխան մը տալ այն հարցման, թէ աշակերտը ի՞նչ վիճակի մէջ դպրոց կ՚ընդունինք եւ ի՞նչ վիճակով շրջանաւարտ կ՚ընենք։ Ի՞նչ հիմքով աշակերտ կ՚արձանագրենք։ Յանուն թափանցիկութեան՝ յստակ վիճակագրական պատկեր մը պէտք է տեսնենք, թէ 8-րդ դասարանէ վերջ մեր վարժարաններէն ներս ի՞նչ կացութիւն կը ստեղծուի խորքին մէջ։ LGS-ի (լիսէներու մտից քննութիւն) ընդհանուր ծրագրաւորում մը չունինք։ Իսկ այդ փուլէն վերջ, որոշ նշաձողի մը չհասած մեր բոլոր աշակերտներուն ծանրութիւնը, գործնականին մէջ, կը մնայ մեր մէկ-երկու լիսէին վրայ։ Այս անգամ, յաջորդ քայլափոխին, այդ լիսէները համալսարանի մտից քննութիւններուն բաւարար կամ գոհացուցիչ արդիւնք արձանագրելու հնարաւորութիւն չեն ունենար ու կը քննադատուին։ Եթէ այդ աշակերտները չընդունին, անշուշտ, դարձեալ կը քննադատուին՝ այլ պատճառներով։ Այսինքն փակ շրջան մըն է։ Ուստի, համայնքէն ներս առկայ անհաւասարութեան խնդիրները պէտք է հարթուին։

Բնականաբար, միշտ պէտք է ի մտի ունենալ, որ իւրաքանչիւր երեխայ առանձնայատուկ է։ Այս սկզբունքով պէտք է տէր կանգնիք նաեւ անոնց, որոնք յատուկ վերաբերմունքի կը կարօտին, մասնաւոր պարագայ կը դասուին կամ սորվելու դժուարութիւն ունին։

Ընդհանուր ճգնաժամային վիճակին մէջ յատկապէս ուշադրութիւն պէտք է կեդրոնացնել մեր կրթական մշակներուն վրայ։ Անոնք այսօր ինքզինքնին վերանորոգելէ հեռու են, մինչդեռ՝ այս առումով բաւական մրցակցային միջավայր մը պէտք է ունենանք։ Ուսուցիչներու քարիէրը անպայման պէտք է խրախուսուի։ Այո՛, միանշանակ, վարձատրութիւնը պէտք է բարձրանայ, սակայն, հարցը այդքանով սահմանափակուած պէտք չէ մնայ, որովհետեւ անհրաժեշտ է խօսիլ նաեւ անոնց աշխատանքային համակարգին մասին։

Համայնքի ընդհանուր ճգնաժամային վիճակը զանազան կարեւոր կէտերու պարագային կ՚ունենայ իր դրսեւորումները։ Դպրոցներու շէնքերու ամրութեան հարցն ալ նոյն ամբողջին մէջ է։ Բոլորը գիտեն, թէ ի՛նչ պէտք է ընել։ Սա թէեւ մատակարար մարմիններու գործն է, սակայն, նախապատուութիւն պէտք է տալ՝ այս գործընթացը թափանցիկութեամբ յառաջ տանելու։ Մնաց որ, բոլորը լռելեայն գիտեն, թէ եթէ կուսակալութիւնը չհանդուրժէ, ահա ի՛նչ կրնայ պատահիլ։

– Պոլսահայ դպրոցներու մէջ հայերէնի ուսուցման մակարդակը այն աստիճան անբաւարար դարձած է, որ հաւաքական ժառանգութեան փոխանցման ուղղակի կը սպառնայ լրջօրէն։ Սա չի նշանակե՞ր, որ անոնք դադրած են իրենց գոյութեան նպատակին ծառայելէ։

– Դժբախտաբար, այո՛, պէտք է համաձայնինք, թէ մեր դպրոցները այսօր չեն ծառայեր իրենց գոյութեան նպատակին։ Սա շատ տխուր է, իսկապէս։ Հայերէնի վրայ պարտաւոր ենք աշխատելու, արդիւնաւէտ դասաւանդման համար նորութիւններու հասնելու նպատակով պէտք է արտադրել։ Համապատասխան ծրագրերու մշակումը պէտք է խրախուսել՝ բոլոր զոհողութիւնները յանձն առնելով։ Ընդհանրական ոգիով եւ համակարգուած պէտք է ընթանալ։ Մենք միջոցէ մը ի վեր կը ջանանք մեր հայերէնի՝ աւելի արդիական ուրոյն դասագիրքը ձեւաւորել, բայց շօշափելի արդիւնքի համար բաւարար չէ՝ իւրաքանչիւրին իր անկիւնը, առանձին տարած աշխատանքը։ Համընդհանուր շարժումի մը պէտք ունինք։

Ամբողջ 12 տարի հայկական դպրոց երթալէ վերջ տղաքը ի վիճակի չեն ըլլար հայերէն կարդալու, բոլորովին անտեղեակ կ՚ըլլան իրենց անցեալէն։ Մեր դպրոցները նաեւ փոխանցման հարթակներ են, սակայն, ուսուցիչ չկայ՝ հայերէնով պատմութիւն դասաւանդելու համար։ Փոխանցումը միայն դասով ալ չ՚ըլլար, պէտք է կենսունակ պահուին աւանդութիւնները։ Օրինակ՝ Դպրեվանքի մէջ վերակենդանացուցինք չորեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերը պահքի ճաշ մատուցելու աւանդութիւնը։ Այսպիսի խորհրդանշական քայլերը անմիջապէս տղոց ուշադրութիւնը կը գրաւեն։

4+4+4-ի բոլոր փուլերուն մենք կ՚ունենաք անանտեսելի թիւով աշակերտի կորուստ։ Սա ինքնին մարտահրաւէր մըն է, որու ծայրը կը հասնի բոլոր հարցերուն՝ ներառեալ մայրենիի ուսուցումը։ Մեր բոլոր բարդութիւններու յաղթահարման ջանքերու կիզակէտին է ծրագրաւորումը, ծրագրաւորեալ աշխատանքը։ Հայերէնն ալ, անգլերէնի նման, պէտք է ջամբել՝ խօսելու, կարդալու եւ գրելու ուղղութիւններուն ձգտելով։ Յետոյ, այս հարցը մեր դպրոցներու առաքելութեան հետ ուղիղ կապի մէջ է, այս հանգամանքը պէտք է ըլլայ յստակ ու թափանցիկ։ Այս պայքարին պէտք է ներառել ծնողը։ Բոլոր հարցերուն լուծումը պէտք է պատկերացնել աշակերտ-դպրոց-ծնող եռոտանիին մէջ։ Արդարեւ, առանց գիտակից ծնողներու՝ մեր վարժարանները չեն կրնար դարուն քայլ յարմարցնել։

Բոլորը մեծ տաղտուկի մը մէջ են եւ այդ վազվզուքին զոհ պէտք չէ երթայ մեր արժէքներու երիտասարդներուն առողջ փոխանցելու գործը։ Չմոռնանք՝ այսօրուան աշակերտները ապագային պիտի դառնան մեծ ծնողներ, որոնց պիտի վիճակի ընտանեկան մթնոլորտի մէջ փոխանցում ապահովելը։

– Պոլսահայ կրթական հաստատութիւններու բուն նպատակին յարմար կամ համապատասխան մարդուժ, այսինքն ուսուցիչ, մանկավարժ պատրաստելու ուղղեալ մասնագիտական կառոյցի կամ հարթակի մը բացակայութիւնը այս համակարգը փակուղիի չի՞ մատներ։

– Հասկնալի է, որ փակուղիի մատնուած ենք ու դուրս գալու համար պէտք է վերակազմակերպուիլ, մասնագիտական նոր նախագծերու մշակումը անհրաժեշտ է։ Երիտասարդները անպայման պէտք է ածանցել համակարգին։ Այսօր կան նոր դէմքեր, որոնք նոր բախտ կը փնտռեն։ Մենք մեր վաղեմի խնդիրներու լուծման որոնումներուն մէջ սովոր ենք միշտ նոյն հասցէներուն դիմելու։ Այլեւս այս քարացած վարժութիւններէն պէտք է հրաժարինք։

Գործելաոճը արհեստավարժ պէտք է դառնայ։ ERASMUS-ի դրութիւններուն նման՝ նիւթական միջոցներ շարժման պէտք է անցուին, ներդրումներ պէտք է կատարուին։ Ծրագրի ձեւաչափով հարցադրումներ պէտք է յառաջ քշուին։ Քանի՞ հարցում կայ, քանի՞ թեկնածու կայ։ Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի, վարժարաններու տնօրէններու եւ մատակարար մարմիններու միջոցաւ աշխատաժողովներ կրնան կազմակերպուիլ՝ ընդհանուր համակարգումով։ Բոլորին պէտք է հարցնել, բոլորին կարծիքը պէտք է շօշափել։ Իւրաքանչիւրը պէտք է ներգրաւել աշխատաժողովներուն։

Նայեցէ՛ք, վերադառնանք նոյն տրամաբանութեան։ Մենք չենք գիտեր այս համայնքի նորածիններուն, դպրոցներու շրջանաւարտներուն համեմատութիւնները։ Անհրաժեշտ վիճակագրական տուեալները ունի՞նք՝ այս համայնքին ընդհանուր մարդուժի համայնապատկերը մասնագիտական աչքով դիտարկելու համար։ Ինչպէ՞ս պիտի հաշուարկենք, թէ ապագային քանի՞ ուսուցիչի կարիքը պիտի ունենանք եւ այդ քանակութեամբ կրթական մշակ պատրաստելու համար որքա՞ն ժամանակի ընթացքին, որքա՞ն նիւթական միջոց պէտք է ներդնենք։ Չունենալը մէկ կողմ, նոյնիսկ յայտնի չէ այս պահանջին հասցէատէրը։ Որմէ՞ պիտի ուզենք, ո՞վ է պատասխանատուն։ Մեր համայնքէն պէտք է հասնին մասնագէտներ, որոնց անյետաձգելի կարիքն ունինք՝ առողջ փոխանցում մը, սերնդափոխութիւն մը ապահովելու համար։ Պատահաբար կը նկատենք նոր սերունդէ դրական օրինակներ՝ մինչդեռ շրջանաւարտներու հետ յարաբերութիւնները այս առաջնահերթութեամբ պէտք է վերակառուցուին ու խրախուսուին։ Մենք նոյն տրամաբանութեամբ կրնանք շահիլ նաեւ այն տղաքը, որոնք խառն ամուսնութիւններէ ծնած են։ Կարեւորը՝ արտադրութեան համար քաջալերականն է։ Մենք պէտք չէ աչք փակենք՝ հայկական լիսէներու շրջանաւարտներու մեր հաւաքական կեանքէն հրաժեշտ առնելուն։ Մինչդեռ՝ մեզի համար կանխատեսելի պէտք է ըլլայ, որ տուեալ տարին քանի փոքրիկ կ՚ունենանք նախակրթարան սկսելու տարիքով ու անոնցմէ քանի հատը հայկական դպրոց կ՚արձանագրուի։

Այսօր բաւարար փորձառութիւն եւ դիտարկման հնարաւորութիւններ ունինք՝ մեր ապագային մասին հետեւութիւններ ընելու, ճամբայ մը գծելու համար։ Գիտակից անձը ժամանակէն ետ չի մնար։ Մենք պէտք է դարուն յարմարինք ու պէտք է հասկնանք, թէ մեր արժէքները մեզի ո՛չ թէ կը հեռացնեն դարէն, այլ ընդհակառակն։ Մեր ժառանգութեան օտար մարդոց թիւր կարծիքն է այդ մէկը, իսկ եթէ մարդիկ հայերէն սորվին, գիտնան, ապա այդ ժառանգութեան հաղորդ կը դառնան եւ կը համոզուին մեր նշածին ուղղութեամբ։ Սա ալ կայ, որ մարդ որքան հայերէն գիտնայ՝ այնքան կը խորանայ ուսումնասիրութիւններու, պրպտումներու մէջ։

Կարճ խօսքով՝ վաստակ պէտք է ներդնել։ Հայերէնի համար պէտք է միջգիտաճիւղային (էնթերտիսիփլինէր) համագործակցութեան մը ձեռնարկել։ Հարցադրումներ եւ նիւթեր՝ միշտ նախագծերու ձեւաչափին մէջ։ Համակարգի բոլոր տարրերը պէտք է առաջնորդել մտածելու, միտք յոգնեցնելու, այլապէս հարցերը չեն լուծուիր։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

•շար. 3 եւ վերջ

http://www.jamanak.com/content/օրակարգի-նիւթերը/5-09-2024-հաւաքական-ամլութիւն

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın