Վերամուտին ընդառաջ
….
Ընդհանրապէս ուսումնական նոր տարեշրջանն է որ «վարագոյր» կը բանայ համայնքային կեանքէն ներս եւ կը դառնայ մեկնակէտը՝ ընկերային գործնական ապրումներուն, բայց ի՜նչ մեղք որ ակնկալութիւնները տարբեր են, իսկ իրականութիւնը՝ բոլորովին ուրիշ երեսակով մը կը ներկայանայ մեզի։
Վերամուտի ուրախութիւնը կամայ-ակամայ կիսկատար կը մնայ, կքելով բազում հոգերու դէզին տակ։ Նիւթականը առիւծի բաժինը կը գրաւէ խնդիրներու ու հրամայականներու երկար ցանկին մէջ։ Ունինք դպրոցներ, որոնց վարիչներուն համար ուսումնական նոր տարին կը բանայ խնդիրներու ծանր «տոպրակ»ը, չթողլով որ ուշադրութիւնը յանկարծ շեղի այդ գլխաւոր հարցէն։
Ի՞նչ կ’ուզենք մեր կրթական հաստատութիւններէն։
Անոնք կը գոհացնե՞ն մեր ակնկալութիւնները, թէ միայն գոյութիւն կը պահեն, կրնա՞ն աւելին ընել, թէ պէտք է բաւականանանք եղածով, կրթական մշակները ծրագիրներ ունի՞ն ուսման որակը բարձրացնելու մասին, թէ պայմանները այսքանով թոյլատու են, ինչպիսի՞ փոփոխութիւններ եղած են դպրոցներու մէջ, քանի՞ ուսուցիչ պաշտօնանկ եղած է կամ կամովին հրաժարած է պաշտօնէն, հայերէնի տեղը ո՞ւր է ընդհանուր պատկերացումներու մէջ, պատասխանատուները «ճամբու քարտէս» մը մշակա՞ծ են դպրոցներու նիւթական բեռը հակակշռի տակ առնելու ուղղութեամբ, թէ յառաջիկայ ամիսներուն պիտի մնանք կոտրած տաշտակի առջեւ։
Ասոնք հրատապ հարցումներ են եւ յառաջիկայ օրերուն պիտի փորձենք պատասխաններ գտնել ասոնց՝ հարցազրոյցներու կամ հարցախոյզերու միջոցաւ։
Իսկ մինչ այդ կ’արժէ յիշել ձեռքբերումները եւ արձանագրել յաջողութիւնները, որոնք օղակ առ օղակ կը հիւսուին երբեմն շատ դժուար պայմաններու մէջ։
Յուլիսին ընկերային ցանցերու մէջ հրապարակուեցան մեր հինգ լիսներու շրջանաւարտներու համալսարանի մտից քննութիւններու արդիւնքները։ Բոլորի ջանքերն ու փափաքները յարգելով հանդերձ, անկասկած պէտք է հաստատենք որ այս տարի, մեր լիսէներու միջեւ յաջողութեան դրօշակակիրը Կեդրոնական վարժարանն էր։ 56 շրջանաւարտներ համալսարանական ուսման հետեւելու իրաւունք շահած են եւ ի՜նչ մեծ հպարտութիւն որ անոնց գրեթէ կէսը պետական համալսարաններ ընդունուած է, միւսներն ալ տարբեր կրթաթոշակներով՝ ոչ-պետական համալսարաններ։ Պօղազիչի, Մարմարա, Իսթանպուլ թեքնիք, Եըլտըզ թեքնիք, Իսթանպուլ, Քօչ, Մէֆ համալսարանները այս տարի կեդրոնականցի աշակերտներ պիտի ունենան որպէս ուսանողներ։ Ուրախալի է նաեւ այն որ երեք աշակերտ շահած է արտասահմանեան հեղինակաւոր համալսարաններու մէջ ուսանելու իրաւունք։ Այսինքն՝ տնօրէնութեան ու խնամակալութեան, ուսուցիչներու եւ աշակերտներու համատեղ ջանքերն ու նպատակասլացութիւնը պսակուած են մեծ յաջողութեամբ։
Գնահատանքի դափնեպսակի են արժանի նաեւ Մխիթարեան վարժարանի շրջանաւարտները։ Կրթութեան այս դարբնոցը, որ 2024-2025ին կը նշէ իր հիմնադրութեան 200ամեակը, 19 շրջանաւարտներու յաջողութեամբ կը դիմաւորէ յոբելեանը։ Կեդրոնական վարժարանի շրջանաւարտներու թիւի բաղդատմամբ գրեթէ մէկ-երրորդ է Մխիթարեանցիներու թիւը եւ յաջողութեան տեսակէտէ, անոնք ալ բաւական բարձր դիրքերու վրայ են։ Գրեթէ բոլոր դիմողները պետական համալսարաններու մէջ ուսանելու իրաւունք ստացած են, ընտրելով կարեւոր ասպարէզներ։ Իրաւամբ կարելի է ըսել որ աշխատանքը տուած է իր արդիւնքը, ուսուցիչներու խղճամիտ մօտեցումը միահիւսուած է աշակերտներու վճռակամութեան, Մատակարար Մարմնի անդամներու հետեւողականութեան հետ, մէջտեղ բերելով ծափահարելի փաստ մը։
Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանի տնօրէնութեան կողմէ հրապարակուած ցանկը յայտնի կը դարձնէ որ այս տարի 23 շրջանաւարտ մուտք գործած է համալսարաններ։ Շրջանաւարտներէն 5ը պետական համալսարաններ ընդունուած են, միւսները ոչ-պետական համալսարաններ, արժանի նկատուելով տարբեր համեմատութեամբ կրթաթոշակներու։ Եօթը շրջանաւարտ, այսինքն ընդհանուր շրջանաւարտներու գրեթէ մէկ երրորդը նախընտրութիւնը տուած է Իսթանպուլ Քիւլթիւր համալսարանի։
Էսաեան վարժարանը բարեփոխումներու շրջանի մէջ է։ Տնօրէնութիւնը, ուսուցչաց կազմը եւ Թաղային Խորհուրդը գործնական ծրագիրներ կը մշակեն վարժարանի փառքի օրերը վերադարձնելու եւ պատուաբեր շրջանաւարտներ ունենալու նպատակով։ Տրուած ըլլալով որ ամէն ինչ դեռ նոր կը սկսի, պէտք է քիչ մը սպասել ցանկալի արդիւնքները արձանագրելու համար, բայց մինչ այդ այս տարի, 22 շրջանաւարտներ բարձրագոյն ուսում ստանալու իրաւունք շահած են, ընտրելով օրուայ պահանջներուն համապատասխան ճիւղեր։ Վարժարանի կողմէ հրապարակուած ցանկը ցոյց կուտայ որ շրջանաւարտները նախապատուութիւնը տուած են «պահանջուած» ասպարէզներու, որոնց մէջ մասնագիտացումը գործնական գետնի վրայ ապագայ կը խոստանայ տղոց։
Արեւելեան ափի մեր միակ լիսէն՝ Ս. Խաչ Դպրեվանքը այս տարի 14 շրջանաւարտներ ունի համալսարաններու մէջ։ Անոնցմէ մէկը ընդունուած է Պօղազիչի համալսարան, երկուքը Մարմարա համալասրան, մէկական աշակերտ Իսթանպուլ եւ Սաքարիա համալսարաններ, իսկ մնացեալները ոչ-պետական բարձրագոյն կրթական հաստատութիւններ՝ տարբեր կրթաթոշակներով։
ՄԱՐՄԱՐԱ
İlk yorum yapan siz olun