İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԱՄԼՈՒԹԻՒՆ

– Ընդհանուր առմամբ բոլորը համաձայն են, որ պոլսահայ վարժարաններու մակարդակը աւելի բարձր է՝ երկրի միջինէն։ Առարկայական փաստ մըն է նաեւ, որ պոլսահայ վարժարաններու ցանցի աշակերտութեան թիւը հատզհետէ կը նուազի։ Ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել այս հակասութիւնը։

– Նիւթին մէջ խորանալէ առաջ պէտք է ընդունիլ, որ թէեւ որակը բարձրացնելու բարի կամեցողութեամբ, սակայն, մեր վարժարաններուն մէջ յաճախ կ՚առնուին սխալ քայլեր։ Խօսքը միշտ շատ է, բայց, գործադրութիւնը անբաւարար։ Համայնքին մէջ նկատելի են անիմաստ մրցակցութիւններ՝ դպրոցներու, ծնողներու, աշակերտներու, նոյնիսկ ուսուցիչներու միջեւ։ Համագործակցութիւն չկայ, բազմաթիւ աշխատանքներ ի զուր կը կրկնուին։ Մենք կը գտնուինք փապուղիի մը մէջ, ուր ամէն մարդ ամէն ինչը գիտէ, սակայն, լուծման համար ինքնաքննադատութենէ կը խուսափի։ Կրթութեան ոլորտին հետ առընչութիւն ունենայ կամ ոչ, բոլորը գաղափար մը ունի, սակայն, երբ կարգը գործադրութեան գայ, ապա գաղափարները կը մոռցուին։

Մասնագիտական առումով մենք նոր ու հասարակաց դասացուցակի մը պէտք ունինք։ Հարիւր տոկոս համոզուած եմ, թէ որոշ բաներ պէտք է փոխենք։ Այս փոփոխութիւնները իւրաքանչիւր դպրոցէ ներս կը կատարուի՝ որպէս առանձին, մասնակի կարգադրութիւն։ Ինչո՞ւ այսպէս կ՚ըլլայ։ Մենք չե՞նք կրնար հայկական դպրոցներու համար նո՛ր հասարակաց դասացուցակ մը պատրաստել՝ միասնական աշխատանքով ու այդ մէկը ներկայացնել Ազգային կրթութեան նախարարութեան։ Միթէ ի վիճակի չե՞նք։ Այս բոլորը պատկան մարմիններուն հետ ալ անկեղծութեամբ պէտք է խօսիլ։

Ըստ էութեան, մեր վարժարաններու դիմագրաւած մեծագոյն հերցերէն մին է՝ արտասահմանեան հեռանկարներու բացակայութիւնը։ Մեր տղաքը, եթէ օտար վարժարան մը աւարտեն, ապա արտասահմանի մէջ իրենց ուսումը շարունակելու կարելիութեան մը կը տիրանան, իսկ մեր դպրոցներու պարագային այսպիսի հնարաւորութիւն մը չկայ։ Մեր դպրոցներուն տեսակէտէ մեծ տկարութեան մը վերածուած է այս խնդիրը։ Խոցելի կէտի մը վերածուած է։ Այս խոչընդոտը պէտք է անպայման յաղթահարուի։ Մեր ուսուցչական կազմին ընդհանուր կարողութիւնը բաւական բարձր է։ Ուստի, մենք պէտք է ենթագետին մը ստեղծենք, որպէսզի մեր աշակերտները, մեր շրջանաւարտները կարենան յաւակնոտ դառնալ՝ միջազգային քննութիւններու մէջ յաջողութեան ճանապարհին։ Մենք այսպիսի քայլեր պէտք է առնենք, զանոնք պէտք է համակարգենք պատկան մարմիններուն հետ եւ այս բոլորը պէտք է բարձրաձայնենք՝ դպրոցահասակ տղոց ծնողներու շրջանակներէն ներս։ Աշակերտութեան թիւի պակսելու հիմնական պատճառներէն մին ա՛յս է եւ մենք պէտք է պայքարինք, որպէսզի հայկական վարժարանի աշակերտն ալ ունենայ՝ ուսումը միջազգային միջավայրի մէջ շարունակելու հեռանկարը։

Բաց աստի, կան շարք մը տեղական հարցեր, որոնք փորձենք բիւրեղացնել օրինակով մը. Պաքըրգիւղն ու Եշիլգիւղը մեր հայահոծ թաղերու շարքին են, սակայն, այնտեղի մեր դպրոցներու սաները՝ որպէս միջնակարգի ընթացաւարտ, վաղուց այլընտրանք կը համարեն «Քատրօ անատոլու լիսէսի» անուն դպրոցը, որ Տատեանի նախկին շէնքին մէջ հաստատուած է։ Այդ թաղերու դպրոցներուն շրջանաւարտները տեսականօրէն մեր լիսէներու աշակերտի թեկնածուները կը համարուին։ Եկուր-տես, որ Պաքըրգիւղի եկեղեցւոյ համայնքապատկան կալուածին մէջ հաստատուած ոչ-համայնքային դպրոց մը կը մտնէ մեր հաշուարկներուն մէջ, որովհետեւ մարդիկ չեն բացառեր իրենց զաւակը այնտեղ ուղարկել։

Որպէս հաւաքականութիւն՝ այլեւս պէտք է դադրինք խուսափիլ մեր խնդիրներուն հետ առերեսուելէ։ Չգիտնալ ձեւացնելն ու անտարբերութիւնը մէկ կողմ թողլով՝ պէտք է սկսինք խօսիլ մեր սխալներուն ու ճիշդերուն մասին։

– Ձեր կարծիքով՝ դպրոցներու աշակերտութեան թիւին յարատեւ նուազիլը ձուլմա՞ն նշան է։

– Անշուշտ, որ այդպէս կրնայ համարուիլ։ Յամենայնդէպս, երեւոյթ մը թիւերու, թուանշաններու հիմունքով դիտարկելու կամ արժեւորելու համար պէտք է ունենալ առարկայական տուեալներ, յստակ վիճակագրական արդիւնքներ, որովհետեւ գիտականօրէն պէտք է ուսումնասիրուին այս երեւոյթները, որոնք բազում ազդակներէ կախում ունին։

Մենք առանց առարկայական պատկերի մը նայելու, առանց վիճակագրական տուեալի՝ մեր հարցերուն լուծում կը փնտռենք, ինչ որ կը նշանակէ պարզապէս գանգատիլ։ Մօտաւորապէս ենթադրելի է, թէ ի՞նչ գործօններու բերումով կը նուազի մեր աշակերտութեան ընդհանուր թիւը։ Այո՛, ձուլումը՝ ձուլում, սակայն, հաշուի չառնե՞նք՝ խառն ամուսնութիւնները, համայնքի անդամներու մահուան եւ ծնելիութեան համեմատութիւնները, համայնքէն ներս ժողովրդագրական կացութիւնը, Իսթանպուլի մէջ համայնքի անդամներու բնակութեան վայրերու շարժը, եւ այլն… Ունի՞նք այս բոլորին շուրջ վիճակագրութիւն. ո՛չ։ Խառն ամուսնութիւնն ալ առանձին երեւոյթ մը չէ, որովհետեւ ոչ-խառն ամուսնութիւններու պարագային ալ կան անանտեսելի նիւթեր։ Այսօր երիտասարդ զոյգերը հակուած չեն զաւակ ունենալու։ Խառն ամուսնութիւններէ ծնածները չե՞ն ուղարկուիր հայկական դպրոց։ Ոչ-խառն ամուսնութիւններէ ծնածներու պարագային մե՞ծ է ցանկութիւնը՝ հայկական դպրոցի առումով։ Այս եւ նման հարցումներու կապակցութեամբ կ՚առաջնորդուինք միայն անձնական տպաւորութեամբ կամ զգացողութեամբ։ Եթէ նոյնիսկ ճիշդ դուրս գայ, ապա այսքանն ալ բաւարար չէ երկարաժամկէտ հաւաքական ապագայ մը ծրագրաւորելու համար։

Մենք նոյնիսկ չենք հետեւիր քաղաքի երկու ափերու միջեւ տեղափոխութիւններուն, որպէսզի համապատասխան դասաւորենք մեր կարգադրութիւնները։ Այսօր նորապսակ բազմաթիւ երիտասարդներ կը նախընտրեն քաղաքի եւրոպական մասէն տեղափոխուիլ ասիականը։ Անզէն աչքով նկատելի է այս շարժը։ Ասիական ափին, հետեւաբար, անպայման համայնքային լիսէ մը պէտք է գործէ։

Նոր ժամանակները նոր վիճակներ կը ստեղծեն եւ առանց անհրաժեշտ վիճակագրութեան՝ մենք չենք կրնար ճկունանալու պատրաստութիւն տեսնել՝ անոնց համարժէք քայլերու դիմելու համար։ Դպրեվանքի իմ փորձառութիւնը այս տեսանկիւնէն յատկանշական ապրումներու դուռ կը բանայ եւ անոնց հիմքով կարելի է նաեւ հետեւութիւններ ընել՝ մանաւանդ, որ մեր դպրոցը միշտ բարձր ձգողականութիւն ունի ժողովուրդի բոլոր խաւերու աչքին։ Դպրեվանքը անցեալին գաւառներէն Իսթանպուլ գաղթած երիտասարդները համախմբելով՝ շահեցուցած է համայնքին։ Մեր օրերուն ալ այս տեսանկիւնէն կան տարբեր դրսեւորումներ, որոնք կը վերաբերին ոչ-համայնքային դպրոցներէ դէպի համայնքայինը վերադարձին։ Արդարեւ, թէեւ ոչ այդպէս զանգուածային, բայց, կայ նման հոսք մը եւ մենք մեր դպրոցին մէջ ունինք այդպիսի աշակերտներ։

Մեր լիսէներու աշակերտութեան թիւին նուազիլը՝ հարցի ընդհանուրին մէջ ունի ուրոյն երեսակներ։ Այսինքն, տեսականօրէն մեր լիսէներու աշակերտական ներուժը գրեթէ հաւասար է՝ մեր միջնակարգերու շրջանաւարտներու թիւին։ Եկուր-տես, որ այդ անցումին մէջ ահաւոր կորուստներ կ՚ըլլան։ 8-րդ դասարանի շրջանաւարտներու եւ համայնքային լիսէ մը նախընտրած աշակերտներու թիւին միջեւ լուրջ տարբերութիւն մը կայ։ Նայեցէ՛ք, անձնական սահմանափակ աշխատանքով ապահովուած թիւերն անգամ բաւական խօսուն են, ինչ որ կը վերահաստատէ վիճակագրութեան մեծ նշանակութիւնը՝ որպէս ուղեցոյց, առարկայական ուղենիշ։ Գարակէօզեանը ունի 2 շրջանաւարտ, Ֆէրիգիւղը (Մէրամէթճեան)՝ 5, Էսաեանը՝ 4, իսկ Օրթագիւղը (Թարգմանչաց)՝ 7։ Սա է մեր լիսէներու աշակերտի թեկնածուներուն թիւը։ Տատեանը (Պաքըրգիւղ) երկար ատենէ ի վեր 25-30 շրջանաւարտ կու տայ, Եշիլգիւղը այս տարի ունեցաւ 34 ընթացաւարտ, իսկ յաջորդ տարի կ՚ունենայ առաւելագոյն 17։ Պաքըրգիւղի եւ Եշիլգիւղի կապակցութեամբ արդէն ըսի այդ միւս լիսէին ստեղծած խոչընդոտը։

Ի՞նչն է, որ չենք յաջողիր, ի՞նչ բանի մէջ կը թերանանք։ Անդին մատակարար մարմինները զբաղած են մեր դպրոցները քոլէճի վերածելու երազանքներով։

Կրկնելով կը կրկնեմ, որ չափուած-կշռուած քայլերով պէտք է ընթանալ։ Վիճակագրական տուեալներու պակասը մեզ կը դատապարտէ հաւաքական ամլութեան։ Մեծ մե՜ծ ժողովներ կ՚ըլլան, մարդիկ մանրամասն կը ներկայացնեն խնդիրները, բայց լուծման մասին չեն խօսիր կամ լուծման հորիզոն մը չի ձեւաւորուիր, որովհետեւ այս ձեւով ամէն ինչ օդի մէջ կը մնայ։ Տուեալներու շտեմարանի մը պէտք ունինք։ Այնպէս չէ, որ այսօրուան նման այս կամ այն անկիւնը թերութիւններով, չհիմնաւորուած ու չհաստատուած տուեալներ պահուած ըլլան։ Շտեմարանի տուեալները՝ յստակ տեսլականով ու մտահորիզոնով պատրաստուած հարցումներու պատասխանները պէտք է պարփակեն ու պէտք է հասանելի ըլլան բոլորին, հետաքրքիրներու տրամադրութեան տակ պէտք է ըլլան։ Անոնք, վերջին հաշուով, այնպիսի պատկեր մը պէտք է ցոլացնեն, որ ապագայի ռազմավարութիւն մը մշակել կարելի դառնայ։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

•շար. 2

http://www.jamanak.com/content/օրակարգի-նիւթերը/5-09-2024-հաւաքական-ամլութիւն

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın