Հայաստանի «Թումօ» կեդրոնը իր հիմնադրութեան 13-ամեակին առիթով հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց, ամփոփ տողերով ներկայացնելով իր պատմականը եւ ապագայի տեսլականները.-
«14 Օգոստոսին լրացաւ «Թումօ»ի 13-րդ տարեդարձը։ 13 տարի առաջ այս նոյն օրը Երեւանի մէջ բացուեցաւ առաջին «Թումօ» կեդրոնը՝ նպատակ ունենալով ստեղծել կեանքեր վերափոխող ուսումնական փորձառութիւններ՝ լայն տարողութեամբ։ Ամէն բան որ սկսած էր Սեմ եւ Սիլվա Սիմոնեանի երազանքով, վերածուեցաւ համաշխարհային կրթական ցանցի, որ արդէն ունի 10 միջազգային կեդրոն եւ մօտիկ ապագային անոնց պիտի գան միանալ այլ կեդրոններ եւս։
«Մարի Լուի եւ Բեկոր Փափազեանի հետ միասնաբար անոնք կը պատկերացնէին կրթական միջավայր մը, ուր պատանիները՝ անկախ ծագումէն եւ հանգամանքներէն, պիտի կարողանային բացայայտել իրենց ներուժը եւ տնօրինել իրենց ուսումնական գործընթացը։
«Այս տարիներու ընթացքին միայն հայաստանեան «Թումօ» կեդրոններու եւ տուփերու մէջ ուսանած են 130.000 պատանիներ։ «Թումօ»ն ոչ միայն կրթական կեդրոն մըն է, այլեւ համայնք։ Մեր գործունէութիւնը սահման չի ճանչնար։
«Թուայնացման միջոցով «Թումօ»ն ունի աւելի քան 200 հայկական կոթողներ ներառող արխիւ։ Յառաջիկայ տարիներու ընթացքին կը նախատեսենք թուայնացնել շուրջ 500 յուշարձան։ «Թումօ»ի 13-րդ տարեդարձին առթիւ կ’ուզենք շնորհակալութիւն յայտնել մեր գործընկերներուն, նուիրատուներուն եւ աջակիցներուն։ Ձեր ներդրումները կարեւոր դեր ունեցած են կրթական ապագայի կերտման մէջ։
«Մենք յանձնառու ենք ընդլայնելու մեր ցանցը՝ նպատակ ունենալով հիմնել 16 կեդրոն եւ 110 շարժական մասնաճիւղ, ուր ամէն շաբաթ 80.000 պատանիներ Հայաստանի բոլոր անկիւններէն նորարարական կրթութիւն ստանալու կարելիութիւն կ’ունենան»։
Աղբիւր։ Nor Marmara
https://www.facebook.com/photo/?fbid=420908767635876&set=a.135021036224652
İlk yorum yapan siz olun