Գրեց՝ ԱՐԻ ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ
Կը կարծեմ թէ մեր համայնքին մէջ, կամ գոնէ համայնքին այն հատուածին մէջ զոր դեռ կարելի է կոչել «մեր համայնքը», շատ հաւանական չէ գտնել մէկը որ իմացած չըլլայ Տքթ. Վահէ Ալիքսանեանի անունը։
Անուն մը որ ո՛չ միայն հայ աշխարհին քաջածանօթ է, այլ իր հեղինակած երեք կարեւոր աշխատասիրութիւններով մանաւանդ բժշկութեան ոլորտին մէջ համայն երկրի համար դարձած է առասպելական (Առաջինը՝ «Գանգատէն մինչեւ ախտորոշում», երկրորդը՝ «Ախտորոշումէն՝ դարմանում», երրորդը՝ «Ախտորոշման համար հիմնական գիտելիքներ»)։
Լաւ բժիշկ էր։ Լաւ գիտէր դարմանումի համար հիւանդին բարոյականութեան, տրամադրութեան կարեւորութիւնը եւ հոգեբանի մը նման մօտենալով հիւանդին, նախ անոր մտահոգութիւնները մէջտեղէն վերցնելու կը ջանար։
Լաւ ուսուցիչ էր։ Մեծ հաճոյք կ’առնէր իր անսպառ գիտելիքներու պաշարը բաժնելէ իր աշակերտներուն եւ բոլոր անոնց հետ, որոնք երախտագիտութեամբ կը հետեւէին իր դասընթացքներուն կամ կը կարդային իր յօդուածները։ Անհամար յօդուածներ ստորագրեց թերթիս թէ՛ հայերէն թէ՛ թրքերէն բաժիններուն մէջ՝ պատասխանելով հարիւրաւոր ընթերցողներու հարցումներուն ու կարիքներուն։
Լաւ բարեկամ էր։ Երբեք չէր զլանար որեւէ բացատրութիւն, օգնութիւն երբ կը խնդրուէր իրմէ։ Առողջական կամ այլ նիւթերու մասին երբեք չէր խնայեր, չէր մերժեր քաջալերական քանի մը խօսք ուղղել իր խօսակցին։
Լաւ հայ էր։ Կը տիրապետէր մեր մայրենիին, կը սիրէր զայն գործածել։ Երկար տարիներ վարեց Ս. Փ. Ազգային Հիւանդանոցի ամսաթերթի արտօնատէրի պաշտօնը յանուն Ս. Փ. Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան։
Լաւ մարդ էր։ Ընտրեց իրեն նման լաւ կեանքի ընկերուհի մը՝ Մանիշակ Հայրանեանը կազմելով օրինակելի հայկական ընտանիք մը ու հասցնելով երկու տիպար դուստրեր՝ Հիլտա ու Դալարը։
Սիրելի Տքթ. Վահէ Ալիքսանեանը վաղը պիտի յուղարկաւորուի դէպի անդենական, իր ետին ձգելով արժանաբար ապրուած, գիտութեամբ, արարչութեամբ, բարութեամբ, համեստութեամբ ու սիրով լեցուն՝ հարիւր տարուայ կեանք մը։
Մենք՝ բախտաւորներս, որ իրեն հետ ժամանակակից ըլլալով, վայելեցինք իր գիտութիւնը, գործակցութիւնը, աջակցութիւնը, ուսուցչութիւնը ու բարեկամութիւնը, գիտենք թէ ան անփոխարինելի պիտի մնայ մեր համայնքային կեանքին մէջ։
Խունկ եւ աղօթք իր բարի յիշատակին։
İlk yorum yapan siz olun