Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակութեան Դիմատետր-ի էջին վրայ կը կարդանք հետեւեալ լուրը.-
Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Սուրբ Աթոռի մէջ Հայ Առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Խաժակ Արք. Պարսամեան այս տարի եւս հրաւիրուեցաւ Լիզպոնի Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան նախագահ Անթոնիօ ուժոյի կողմէ՝ Գալուստ Կիւլպէնկեանի նուիրուած յիշատակութեան արարողութեան մասնակցելու։
18 Յուլիսի առաւօտեան, Խաժակ Սրբազան առիթ ունեցաւ հանդիպելու հիմնադրամի նախագահի, խնամակալներու խորհուրդի մնայուն անդամ Մարթին Եսայեանի եւ Հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանի հետ։
Սրբազանը այցելեց Հիմնարկութեան Արուեստի գրադարան ճեմասրահին մէջ «Հայերը եւ Երուսաղէմը» ցուցահանդէսը, որու բացումը կատարուած էր Յունիս 20-ին։ Նոյն օրը կէսօրին Igreja de Nossa Senhora do Rosario de Fatima եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ պատարագ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն նուիրուած Գալուստ Կիւլպէնկեանին, որու աւարտին Սրբազանը յղեց իր պատգամը։
Խաժակ Սրբազան պատմական անդրադարձ կատարեց հայերու ներկայութեան Երուսաղէմ քաղաքին մէջ, նշելով որ ան հայկական ամենահին համայնքն է հայրենի երկիրէն դուրս։
Ան յայտնեց, որ Երուսաղէմի հայոց Սուրբ Յակոբեանց հնագոյն վանքի գլխաւոր խորանին վրայ կայ արձանագրութիւն, որ իւրաքանչիւր պատարագիչի կը յիշեցնէ աղօթել Գալուստ Կիւլպէնկեանի եւ անոր ընտանիքի բոլոր ննջեցեալներու հոգիներուն համար։ Սրբազան Հայրը եւս կատարեց այդ պատգամը՝ երբ այս տարի առիթ ունեցաւ այնտեղ մատուցելու Զատկուան պատարագը։
Սրբազանը ներկաներուն պատմեց Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի հանդէպ Կիւլպէնկեան ընտանիքի բարեսիրական գործունէութեան մասին՝ 19-րդ դարէն սկսեալ. հաստատեց, որ այդ կապը աւելի ամրապնդուած է շնորհիւ ննջեցեալի անձնական եզակի նուիրումին քաղաքին, որ արմատացած էր իր հայկական ինքնութեան եւ հաւատքին մէջ։
Խաժակ սրբազան ողջունեց կազմակերպումը «Հայերն ու Երուսաղէմը» խորագիրով ցուցահանդէսի, որու ծիրէն ներս ո՛չ միայն կը ներկայացուին Սուրբ Երկրի հայ համայնքի դարաւոր պատմութիւնը, այլ նաեւ նոր արխիւային փաստաթուղթերու շնորհիւ կը բացայայտուին մեծ բարերարի Սուրբ քաղաքին հետ խոր կապերը։ Ան աւարտեց խօսքը այն համոզումով, որ Գալուստ Սարգիս Կիւլպէնկեանի եւ անոր ընտանիքի հանգուցեալ անդամներու յիշատակը միշտ կը յարգուի Երուսաղէմի Սուրբ Յակոբեանց վանքի խորանին։
İlk yorum yapan siz olun