İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Յովհաննէս Չեքիճեանի ծննդեան 95-ամեակը

Աշխարհահռչակ, վաստակաշատ խմբավար Յովհաննէս Չեքիճեանի ծննդեան 95-ամեակին առթիւ, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ, 26 Յուլիս 2024 Ուրբաթ իրիկուն, ժամը 21։00-ին, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ պիտի ցուցադրուի “Ահա եկաւ Յովհաննէս” խորագրեալ ժապաւէնը (թրքերէն ընդգիրով)։ Ներկայ պիտի ըլլայ նախագծի հեղինակ Լիլիթ Մովսիսեան։ Երաժշտական ունկնդրութիւն մըն ալ պիտի կայանայ՝ Լիւսի Գահվէճիօղլուի ու Յովսէփ Գույումճեանի մենակատարութեամբ եւ Սիրուն Սիրունեանի նուագակցութեամբ։ 

Մուտքն ազատ է:

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın